Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աշակերտութեան Իր Ուղղած Պատգամին Մէջ` «Թարգմանչացը Հիմքն Է Ազգային Դաստիարակութեան» Կը Շեշտէ Գեղամ Արք. Խաչերեան
By adminx - Sat Oct 13, 7:16 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
Հայօրէն ապրելու, հայօրէն մտածելու եւ գործելու պատգամ մը փոխանցեց Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի Թարգմանչաց տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ երէկ կէսօրին` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Ազգային ուսումնական խորհուրդի գործավար Մարալ Անդոյեանի:
Տօնակատարութեան ընթացքին ներկայացուեցաւ թարգմանչաց սերունդին նուիրուած աշակերտական թատրոն մը (հեղինակ` Սարգիս Մահսէրէճեան, դերուսոյց` քոլեճի հայերէնի դասատու Մատլեն Վարդանեան), որուն նիւթը խումբ մը աշակերտներու արկածախնդրութիւնն էր հրաշալի համակարգիչի մը ճամբով երթալու հինգերորդ դար, հանդիպելու Վռամշապուհ թագաւորին, Ս. Սահակ Պարթեւին, Մեսրոպ Մաշտոցին եւ անոնց աշակերտներուն: Թատրոնին առաջին արարով տեղի ունեցաւ երկխօսութիւն մը աշակերտներուն եւ հայոց մեծամեծներուն միջեւ` հայ գիրքին, դպրութեան եւ մշակոյթին անհրաժեշտութեան մասին: Երկրորդ արարով, աշակերտներ իրենց խօսակիցները հրաւիրեցին 2012 թուական, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ եւ անոնց ներկայացուցին հանդէս մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Գարին Գանտահարեան (ասմունք), Յարութ Մարկոսեան (ջութակով նուագ) եւ քոլեճին 30 հոգինոց երգչախումբը («Հայ գիրքը» եւ «Իմ անունը Հայաստան է»):
Ուշագրաւ էր հալէպահայ մեծաթիւ աշակերտներու մասնակցութիւնը գեղարուեստական յայտագիրին` բացման խօսքով (Մարալ Չխըրկէօզեան), ասմունքով (Անժելա Եագուպեան) ու նուագով (Մարթա Չորպաճեան): Տպաւորիչ ու խորիմաստ էր մանաւա՛նդ երկու աշակերտուհիներու նազպարը, մէկը` Հալէպէն (Նաթալի Մարկոսեան), միւսը` Պուրճ Համուտէն (Սարին Մովսէսեան): Երկուքը ներդաշնակ, հեզաճկուն ու անքակտելի շարժումներով արտայայտեցին հայ ժողովուրդի միասնութիւնը, իրարու հետ ըլլալու եւ զիրար ամբողջացնելու պատգամը:
Թատրոնի աւարտին, տնօրէն Վիգէն Աւագեան բեմ բարձրանալով շնորհաւորեց օրուան գեղարուեստական յայտագիրը պատրաստած աշակերտները եւ անոնց ուսուցիչները: Ապա, ան «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»-ի թելադրականութիւնը նշելով` հրամցուց անակնկալ մը, երբ ընթերցեց Հալէպի Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեանի սրտի խօսքը` Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ յաճախող 25 ճեմարանականներուն: Քիլեճեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնէր քոլեճին տնօրէնութեան` Ճեմարանի աշակերտութեան հիւրընկալութեան համար, եւ կը նշէր, թէ «Ճեմարանի քարաշէն կառոյցը այսօր շատ բան կորսնցուցած է իր խորհուրդէն, դատարկ ըլլալով իր աշակերտութենէն»: Տնօրէնը իր խօսքին մէջ կը յիշեցնէր Հալէպի մէջ Թարգմանչաց աշակերտական տօնակատարութեան աւանդութիւնները եւ կը մաղթէր, որ Ճեմարանականները լաւագոյն ձեւով իրենք զիրենք ու իրենց դպրոցը ներկայացնեն Լիբանանի մէջ` հաւատարիմ մնալով ճեմարանի սկզբունքներուն եւ հաւատամքին:
Տնօրէն Վիգէն Աւագեանի խօսքէն ետք, աշակերտութեան օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Առաջնորդը զուգահեռներ գծեց 5-րդ եւ 21-րդ դարերուն միջեւ եւ ըսաւ, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, հայ հոգին պահողը, հայութեան բոլոր հատուածները իրարու միացնողը հայ լեզուն եւ մշակոյթն են: Ան շեշտեց, որ Թարգմանչաց տօնը ազգային դաստիարակութեան հիմքն է, որուն շնորհիւ կը կերտուի հայ մարդուն ազգային նկարագիրը:
Իր խօսքին մէջ, առաջնորդը թելադրեց ամրօրէն կառչիլ հայ լեզուին, հայ դպրոցին եւ այն բոլոր արժէքներուն, որոնք հայը հայ կը պահեն: Ան յայտնեց, որ աշխարհի մէջ չկայ ժողովուրդ մը, որ մեզի նման իր այբուբենը սրբացուցած ըլլայ եւ իր մայրենի լեզուին այնքան մեծաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ ներբողներ նուիրած ըլլայ: Հայ մարդը Ցեղասպանութեան օրերուն, երբ ուտելիք հաց չունէր, պատսպարան ու սնունդ չունէր, անապատի աւազներուն վրայ հոգեկան սնունդ փոխանցեց իր զաւակներուն` այբուբենը սորվեցնելով անոնց:
Շարունակելով, Գեղամ արք. Խաչերեան Թարգմանչացը նկատեց «աշակերտութեան տօնը», որովհետեւ ան կը նշուի Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտներուն յիշատակին, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց մտածելու, թէ ինչո՞ւ աշակերտ ենք, ինչո՞ւ հայկական վարժարան կը յաճախենք եւ ինչպէ՞ս կրնանք արժանի ժառանգորդները ըլլալ դարէ դար փոխանցուած եւ այսօր մեզի հասած հայկական մշակութային հսկայ հարստութեան:
Առաջնորդ սրբազանին պատգամէն ետք, աշակերտներ տուն մեկնեցան տնօրէնութեան կողմէ քոլեճին նշանակով կրծքանշաններ նուէր ստանալէ ետք:
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



