Նոյեան Տապանի Գինին Վերագտնուած` Իտալացիներու Կողմէ
By adminx - Sat Oct 13, 5:34 am
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print
ԼՈՒՉԻԱՆՕ ՖԵՌԱՐՕ
- Կ՛ուզեմ ձեզի պատմել` սկսելով իմ գործատեղիիս` Զորահի մօտէն, աշխարհիս ամենահին գինիին եւ կարասներուն մասին,- կ՛ըսէ Զօրիկ Ղարիպեան:
Կարասը մէջը գինի պահելու ծառայող հողէ, նեղ ու երկար բերանով անօթ մըն է:
Հայաստանի մէջ հազարաւոր տարիներ առաջ արդէն գինիի արտադրութիւն գոյութիւն ունէր: Յետոյ Խորհրդային Միութեան տարիներուն ամէն ինչ փոխուեցաւ: Զօրիկ Ղարիպեան նորաձեւութեան մարզի մէջ գործող իտալահայ ձեռնարկատէր մըն էր, որ իր գործը ձգելով` դարձաւ գինի արտադրող մը: Իր արտադրած գինիները արդէն իսկ Լոնտոնի ճաշարաններուն մէջ սկսած են սեղաններու վրայ իրենց տեղը գրաւել եւ մօտ ժամանակուան մէջ պիտի հասնին նաեւ Իտալիա: Զօրիկին մառանը կը գտնուի Արարատ լերան ոտքերուն տակ, ուր, ըստ Աստուածաշունչին, Նոյ նահապետին նաւը մեծ ջրհեղեղէն ետք, երբ ջուրերը քաշուեցան, ցամաք նստաւ:
Երբ Իրանի մէջ այաթոլլահ Խոմէյնի պարսկական թագաւորութիւնը կը տապալէր, փոքրիկ Զօրիկին հայրը զինք Թեհրանէն կը ղրկէր Վենետիկ, որպէսզի ուսանի Մխիթարեան վարդապետներու վարժարանին մէջ: Մխիթարեաններուն վանքը, որ կը գտնուի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ, երկար տարիներ առաջ հիացում պատճառած էր անգլիացի ազնուական Լորտ Պայրընին եւ տեղ գրաւած` անոր յուշերուն մէջ:
Զօրիկին ընտանիքը, օսմանեան շրջանի Մեծ եղեռնին պատճառով, նոյն բախտին ենթարկուեցաւ, ինչպէս` հայութեան աշխարհասփիւռ բեկորները: Իրենց հայրենիքէն բաժնուիլ ստիպուող հայկական սփիւռքի ճամբէն երթալով` Իրան, ապա կը տեղափոխուի Ամերիկա: Փոքրիկ Զօրիկ իր սրտին մէջ Իրանի եւ Վենետիկի հանդէպ մեծ սէր մը ունենալով հանդերձ, կը փոխադրուի Իտալիոյ Միլանօ քաղաքը: Ան կը յիշէր իր նման Մխիթարեանի սան եղած բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի ոտանաւորներէն հետեւեալ քառեակը.
Հե՜շտ է մտքիս ընկղմիլ կապոյտին մէջ լուսալիք,
Նաւաբեկիլ թէ հարկ է կրակներուն մէջ վերին.
Գտնել աստղեր նորանոր, կորսուած հի՜ն հայրենիք,
Ուրկէ ինկած հոգիս դեռ կու լայ կարօտն եթերին:
Այժմ Զօրիկը իր արմատներուն հետ միացնող վերադարձի ճամբորդութիւնը հասցուցած է իր աւարտին: Ան տարին կ’արտադրէ քսան հազար շիշ զուտ հայկական, կարմիր «Արեն»-ի գինի: Գինի մը, որ իր մէջ կը պարունակէ երեք հազար տարուան պատմութիւն մը: Վերածնունդի խորհրդանիշ մը` երեք միլիոն հայու համար, որոնք կ’ապրին իրենց հայրենիքի մէջ, եւ` շուրջ վեց միլիոն հայու համար, որոնք կ’ապրին բոլոր աշխարհիս վրայ, որոնց մէջ կան նաեւ աշխարհահռչակ անձեր, ինչպէս` Անտրէ Աղասի, երգչուհի Շեր, Շարլ Ազնաւուր եւ շատ մը ուրիշներ:
Անցեալ դարուս խորհրդային պետութիւնը Ռուսիոյ մէջ վոտքայի սպառումը հակակշռելու նպատակով գինիի սպառումը քաջալերել փորձեց: Հայաստանի մէջ գինիի մառաններ բացուեցան եւ այգեգործութիւնը թափ ստացաւ, բայց արտադրուած այս գինիները որակաւոր չէին: Հայաստան իր անկախութիւնը հռչակելէ ետք, 1991 թուականներուն, երբ Ռուսիա դադրեցուց Հայաստանէ գինիի ներածումը, երկրին մէջ այգեգործութիւնը մեծ վնաս կրեց. 35 հազար հեկտար այգիներու տարածութիւնը իջաւ միայն քանի մը հազարի: Հիմա, վերջին տարիներուն կան գինի արտադրող քանի մը փոքր գործարաններ, որոնք կը ջանան որակաւոր գինի արտադրել:
- Մենք 2004 թուականին սկսանք մեր գործունէութեան,- կ’ըսէ Զօրիկ Ղարիպեան:
1375 մեթր բարձրութեան վրայ հողամաս մը գտանք: Անշուշտ կրնայի աւելի դիւրին վայր մըն ալ ընտրել, բայց տարիներ Իտալիոյ Քիանթի մարզին մէջ շրջելէ ետք արկածախնդրութեան զգացումը զիս Հայաստան բերաւ, ուր կարելի էր իրենց պատերուն վրայ խաղողի քանդակագործութիւններ գտնուող հին վանքերու եւ եկեղեցիներու միջեւ հողամասեր գտնել:
Եւ իսկոյն Հայաստանի Ռինտ գիւղին մէջ, 13-րդ դարու պատկանող հին վանքի մը պատերուն ներքեւ, 15 հազար հեկտար տարածութիւն ունեցող հողամաս մը գնեցինք: Մեզմէ քիչ հեռու գտնուող խոռոչ մըն ալ վերածեցինք մեր գինիները «ծերացնելու» համար մառանի մը, որուն մէջէն երկու տարի առաջ գտնուեցան խաղող արտադրելու համար գործիքներ, որոնք, ըստ հնագէտներու յայտարարութեան, կը պատկանէին նուազագոյն 6100 տարի առաջուան, այսինքն` մինչեւ հիմա գտնուած աշխարհիս ամենահին գինի արտադրող գործարանին:
Մենք մեր գործը սկսանք զերոյէն: Չկայ որեւէ հայկական համաշխարհային հաստատութիւն, որ մեզի օգնէ եւ մեզի խաղողի արտադրութեան արհեստագիտութեան մասին ճամբայ մը գծէ: Այսուհետեւ մեզի համար գինիի արտադրութիւնը շատ բարդ գործ մըն էր: Իտալիոյ Թոսքանա մարզէն, որ իր այգիներով ու գինիի արտադրումով նշանաւոր է, երկու մասնագէտներ եկան մեզի օգնելու. Սթեֆանօ Պարթոլոմէի, որ գիւղատնտեսութեան մասնագէտ է եւ Ալպերթօ Անթոնինի, որ մասնագէտ է գինեգործութեան: Իրենց հետ զանազան քննութիւններ ըրինք աւելի որակաւոր խաղող հասցնելու համար եւ տեսանք, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան քաղուած խաղողը շատ աւելի լաւ արդիւնք կու տայ: Ջերմաստիճանը առաւօտուն հարաւային Իտալիոյ ջերմաստիճանին նման ըլլալով հանդերձ, գիշերները կ’իջնէր մինչեւ քսան աստիճան:
Տարիներու տեւողութեան փորձեր ըրինք աւելի որակաւոր գինի արտադրելու համար. գինիին մէկ մասը «ծերացուցինք» հայկական տակառներու մէջ, իսկ միւսը` ֆրանսական տակառներու մէջ, մաս մըն ալ` պողպատէ տակառներու մէջ: Ի վերջոյ մէկ մասն ալ հողի տակէն հանուած շատ հին հայկական կարասներու մէջ, այնպէս` ինչպէս կ’ընէին մեր պապերը շատ տարիներ առաջ: Հողէ կարասներու մէջ «ծերացուած» գինին մեզ խանդավառեց, որովհետեւ նշմարեցինք, որ բոլորովին ուրիշ համ մը ունէր: Յետոյ բոլոր այս գինիները իրարու հետ խառնելով իր սուր ու կուշտ համով, մասամբ «Փինօ»-ի եւ մասամբ «Սանճիովեսէ»-ի նմանող իրեն յատուկ միակ խառնուրդ մը մէջտեղ հանեցինք, որ բոլոր գինիներէն կը տարբերէր:
«Կծու, լաւ համեմուած եւ վայրի համով գինի մըն է», տողերով կը նկարագրէ «Արենի» գինին` ամերիկեան «Ֆայնենշըլ Թայմզ» թերթի լրագրող Եանչիս Ռոպինսըն:
«Ան նահապետ մըն է», կ’ըսէ իր գրութեան մէջ «Սանտէյ Թայմզ» թերթի գինիի մասնագէտ Պապ Թայրեր, իսկ «շատ ախորժահամ գինի մը» ըսելով կը նկարագրէ իր սիւնակին մէջ Ճէյմի Կուտի, որ «Սանտէյ Էքսփրես» թերթի գինիի մասնագէտ մըն է:
- «Արենի» գինին Լոնտոնի մէջ բոլոր ակնկալութիւնները արդարացուց,- կ’ըսէ Զօրիկ Ղարիպեան, որուն գինին քաղաքի ճաշարաններուն մէջ կը վաճառուի շուրջ 21 սթերլինի. ան կը ծրագրէ տարեկան հարիւր հազարի հասցնել գինիին իր արտադրութիւնը:
- Երբ տեսայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդունելութեան սրահին մէջ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական հրաւէրներու միջոցին մեր գինին կը հրամցնէ իր հիւրերուն, փոխանակ ֆրանսական եւ իտալական գինիներու, ինչպէս կ’ըլլար ասկէ առաջ, այն ժամանակ հաւատացի, թէ յաջողած եմ,- կ’ըսէ Զօրիկ Ղարիպեան:
Մինչ այդ «Արենի» գինիի նկատմամբ Ռուսիոյ եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն հետաքրքրութիւնը եւս օրէ օր կը շատնայ: Աշխարհիս բոլոր հայերը կը սպասեն Նոյեան Տապանի գինին, որպէսզի ըմպեն: Ըմպեն ու վերյիշեն իրենց կորած հայրենիքը:
Հրատարակուած` իտալական «Քոռիերա Տելլա Սերա» թերթին մէջ
(Հայերէնի թարգմանութիւն «Մարմարա» օրաթերթին մէջ)
- 0 Comments
- 46 views
- Tweet
Email
Print



