Thursday May 23, 2013

Օզոնի Խաւին Վերջին Լուրերը

By adminx - Sat Oct 13, 5:32 am

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Առանց մեզ պաշտպանող օզոնի խաւին` երկրագունդին վրայ կեանքը անկարելի է: Սակայն օզոնի խաւը տակաւին վտանգուած է:

Առանց արեւու` կեանք գոյութիւն չունի. սակայն երբ չափազանց արեւ կայ, դարձեալ կեանք գոյութիւն չի կրնար ունենալ…

Արեւուն կարգ մը ճառագայթները շատ վտանգաւոր են երկրագունդի վրայի կեանքին համար: Ատոնք անդրմանիշակագոյն ճառագայթներն են:

Օրինակի համար, այդ ճառագայթներէն մեծ քանակներ կրնան մարդուն մօտ մորթի ծանր քաղցկեղներ յառաջացնել: Բարեբախտաբար երկրագունդին շուրջ գոյութիւն ունի կազի խաւ մը, որ կը կեցնէ այդ ճառագայթները: Անիկա օզոնի խաւն է: Առանց անոր` գոյութիւն չեն ունենար բոյսերը, անասունները, մարդ արարածները:

Ահազանգ

Առանց անոր` կեանքի գոյութիւնը կարելի պիտի ըլլայ միայն ծովուն մէջ, որոշ խորութեան մը վրայ:

Այս պատճառով է, որ երբ գիտնականները անդրադարձած են, թէ օզոնի խաւին մէջ «ծակ» մը սկսած էր բացուիլ, անոնք ահազանգի նշանը արձակած են: 1987-ին, Մոնրէալի մէջ (Քանատա) մեծ համագումարի մը ընթացքին կարեւոր որոշումներ տրուած են: Ըստ այդ որոշումներուն, պէտք է դադրեցնել օզոնի խաւը փճացնող կազերու արտանետումը: Ներկայիս, 25 տարիներ ետք, ըստ երեւոյթին, այդ յատուկ նպատակը իրագործուած է:

Սակայն օզոնի խաւը տակաւին դիւրաբեկ է: Գիտնականները կը մտածեն, որ պէտք է սպասել 2050 թուականը, որպէսզի օզոնի խաւը վերագտնէ իր 1980-ի մակարդակը:

 

Գիտէի՞ր, Թէ

Օզոնը կը կազմուի սթրաթոսֆերին մէջ:

Սթրաթոսֆերը երկրագունդը շրջապատող կազէ պատեանին` մթնոլորտին երկրորդ խաւն է:

իրալիր յարաբերութիւն մը պիտի ունենաք ձեր նոր հանդիպած անձին հետ, որուն փոխանցած միտքերը պիտի օգնեն ձեր ծրագրին իրականացման:

 

Օզոն… Եւ Օզոն

Պէտք չէ իրարու հետ շփոթել օզոնը եւ… օզոնը:

- 30 քմ բարձրութեան վրայ գտնուող օզոնի խաւը մեզ կը պաշտպանէ արեւուն վնասակար ճառագայթներէն:

- Սակայն գետնի մակարդակի վրայ գտնուած, օզոնի կազը շատ աւելի վտանգաւոր է: Մինչեւ 10 քմ բարձրութեան վրայ` ան կրնայ մեր առողջութեան վնասել: Ան շատ վնասակար է շնչառական հարցեր ունեցող եւ դիւրաբեկ անձերուն համար:

 

Օզոնի Խաւին Մէջ

- Ո՞ւր կը գտնուի օզոնի խաւին ծակը:

  • Յատկապէս Արքթիքին (հիւսիսային բեւեռ) եւ աւելի փոքր չափով Անթարքթիքին (հարաւային բեւեռ) վրայ:
  • Ինչո՞ւ: Այս ծակին գոյութեան պատասխանատուն ցուրտն է, որ կը յառաջացնէ քիմիական հակազդեցութիւն մը, որ կը փճացնէ օզոնը:
  • Երբ օզոնի խաւը կը նուազի, արեւուն վտանգաւոր ճառագայթները ուղղակիօրէն երկրագունդ կը հասնին:
  • Այլ շրջաններէ աւելի` այդ շրջաններուն մէջ շատ աւելի պէտք է պաշտպանուիլ արեւէն:

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Անգլիոյ մէջ մարդ մը կրցած է աճեցնել մեծ շան մը չափ կշռող հսկայ զուքինի դդում մը:
  • Քանդակագործ մը ինքն իր արձանը շինեց` գործածելով իր անձնական մազերը, ակռաները եւ եղունգները:

 

 

  • Ամերիկացի մը 1,2 մեթր երկար, հեռավար (րիմոթ քոնթրոլ) նաւ մը շինեց` գործածելով 10 հազար ատամնակրկիտ:
  • Օհայոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, արուեստագէտ մը 26,666 օճառի կտորներ գործածեց… սուտսի կոչուած հսկայական թեւաւոր խոզի մը արձանը շինելու համար:

 

 

 

 

  • Նոր Զելանտայէն կին մը 100 մեթր վազեց 18,5 երկվայրկեանէն… լողալու ափաձեւ կօշիկներ հագած:

 

Քաղաքավար Ըլլանք

Այս ամառ աշխարհին շուրջ կարգ մը սրճարաններ եւ ճաշարաններ հետաքրքրական փորձ մը կատարած են: Անոնք իւրայատուկ զեղչեր առաջարկած են իրենց յաճախորդներուն: Որքան անոնք ազնիւ եւ քաղաքավար ըլլան, այնքան նուազ կը վճարեն:

* * *

Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըսի «Էւա» ճաշարանին մէջ յաճախորդները կարելիութիւնը ունին 5 առ հարիւր զեղչ ստանալ հաշիւին վրայ, եթէ անոնք յօժարին իրենց բջիջային հեռաձայնէն բաժնուիլ ճաշին ընթացքին: Ճաշարանին տէրը չ՛ուզեր արգիլել, որ մարդոց խանգարեն իրենց շուրջինները, այլ պարզապէս` զանոնք մղել իսկական խօսակցութիւն մը ունենալու եւ գնահատելու իրենց պնակին մէջ գտնուած ուտելիքները: «Հեռաձայնը սկսած է մաս կազմել սեղանի առարկաներուն եւ տեղ գրաւել գինիի գաւաթներուն, պնակին, դգալ-պատառաքաղներուն կողքին», կ՛ըսէ ան:

Ֆրանսայի մէջ սրճարաններու տէրերը իրենց յաճախորդներուն կ՛առաջարկեն իրենց սուրճը 20 սանթիմ նուազ վճարել, եթէ անոնք զայն ապսպրեն «Հաճիք» ըսելով:

Այս նախաձեռնութիւնները քիչ մը տարօրինակ կրնան թուիլ, սակայն անոնք կը ցոլացնեն ընկերային իսկական երեւոյթ մը: Մենք այնքան մտազբաղ սկսած ենք ըլլալ մեր համացանցի վրայ «ոչ շօշափելի» կեանքով, որ կը մոռնանք ուշադրութիւն դարձնել մեր իսկական կեանքին եւ քաղաքավար ըլլալ մեր շուրջիններուն նկատմամբ: Ասիկա հաճելի միջոց մըն է մեզի յիշեցնելու` աւելի արթուն ըլլալ մեր իսկական միջավայրին մէջ:

 

Չմոռնաք Ձեր Ակռաները Խոզանակել

Նիկերիոյ մայրաքաղաք Լակոսի մէջ 300 հազար աշակերտներ նոյն ժամանակ իրենց ակռաները պիտի խոզանակեն 5 դեկտեմբերի կէսօրին, մէկ վայրկեանի ընթացքին:

Այս մեծ գործողութեան նպատակն է աշխարհի նոր մրցանիշ մը արձանագրել: Նախկին մրցանիշը կը պատկանի Հնդկաստանին, ուր 117,003 անձեր իրենց ակռաները խոզանակած են 380 տարբեր շրջաններու մէջ, 2007 թուականին:

Այս մրցանիշին միջոցով Նիկերիան յատկապէս կ՛ուզէ, որ իր բնակիչները հոգ տանին իրենց ակռաներուն:

 

Ակռաներու Փտութեան Դէմ

Հնդկընկոյզէն առնուած իւղը բազմաթիւ յատկութիւններ ունի: Իրլանտացի մասնագէտներ գտած են, թէ ան ունի նաեւ ուրիշ առաւելութիւն մը. ըստ ուսումնասիրութիւններու, ան շատ ազդու է ակռաներուն վրայ յարձակող մանրէներուն դէմ: Արդեօ՞ք օր մը մեր ակռայի դեղերուն մէջ հնդկընկոյզի իւղ պիտի գտնենք:

———————————————————

                    Երկու Դէմքով Կատուն

Վենիւս ուրիշ կատուներու նման կատու մը չէ: Ան նոյնիսկ շատ հազուագիւտ անասուն մըն է: Անոր դէմքը երկուքի բաժնուած է: Մէկ կողմը մութ սրճագոյն է` կանաչ աչքով, իսկ միւս կողմը ոսկեգոյն` կապոյտ աչքով:

Ո՛չ, ասոր մէջ, ո՛չ մէկ հնարք կայ: Գիտնականները չեն գիտեր, թէ նման երեւոյթ մը ինչպէ՛ս յառաջացած է: Սակայն երբ մենք կը տեսնենք, թէ Վենիւսի ֆէյսպուքի էջը արդէն մէկ միլիոն այցելու ունեցած է, կասկած չի մնար, թէ ան իսկական երեւոյթ մըն է:

———————————————————

Տուրմին Հետքերը

Խաղի մը համար ճի փի էս-ի պզտիկ գործիքներ պահուած են «Քիթքաթ» տուրմի 6 տուփերու մէջ: Երբ յաղթողը իր տուփը կը բանայ, ան կը սկսի աշխատիլ եւ կարելի կ՛ըլլայ անոր դիրքը գտնել: Առաւելագոյնը 24 ժամէն նուէրը` 12,600 եւրօ, կը յանձնուի անոր:

———————————————————

Առատաձեռն Մեծահարուստներ

Տասնմէկ նոր միլիառատէրեր ընդունած են իրենց հարստութեան կէսը տալու բարեսիրական միութիւններու:

Անոնք ընդառաջած են աշխարհի երկրորդ ամէնէն հարուստ անձին` Պիլ Կէյցի կոչին: Այսուհետեւ այս համակրելի միլիառատէրերու ակումբը ունի 92 անդամ:

———————————————————

 

Ակռաներու Փտութեան Դէմ

Հնդկընկոյզէն առնուած իւղը բազմաթիւ յատկութիւններ ունի: Իրլանտացի մասնագէտներ գտած են, թէ ան ունի նաեւ ուրիշ առաւելութիւն մը. ըստ ուսումնասիրութիւններու, ան շատ ազդու է ակռաներուն վրայ յարձակող մանրէներուն դէմ: Արդեօ՞ք օր մը մեր ակռայի դեղերուն մէջ հնդկընկոյզի իւղ պիտի գտնենք:

 

———————————————————

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել ետ տուն հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել ցանկապատը շինելու տարբեր հանգրուաններուն շարքը` ամէնէն կարճ ցանկապատէն սկսելով:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

Leave a Reply

Advertisement