Thursday Jun 20, 2013

50 Տարի Առաջ ( 13 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Sat Oct 13, 5:31 am

Խմբագրական

Մշակոյթի Ճամբով

(Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ)

Հայաստանեայց եկեղեցին այսօր հանդիսաւորապէս կը տօնէ Թարգմանչաց տօնը, նուիրագործելով մեր մշակոյթին ճամբով` հինգերորդ դարու մեծանուն վարդապետներուն բերած անգնահատելի նպաստը` հայ ժողովուրդի պահպանման եւ գոյատեւման:

Թարգմանչաց տօնը, իւրաքանչիւր հայու մէջ արթնցուցած ազգային հպարտութեան իր խոր ապրումներով, կու տայ փաստը այն անժխտելի իրողութեան, որ ինքնագիտակցութեան մղող ազդակ մըն է, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ հայը, բոլոր երկինքներու ներքեւ պէտք ունի հոգեկան ուժերու նպաստին` կարենալ տոկալու համար մաշումի ալիքներուն:

Ազգային արժանիքներով հպարտանալը, եթէ չերթայ մինչեւ կոյր մոլեռանդութիւն ու բացարձակ այլամերժութիւն, թիւրագնահատութիւն մը ըլլալէ շա՜տ հեռու, ինքնագիտակցութեան մէկ զգալի ապացոյց է, որով մարդ անհատը կը բարձրանայ իր պատկանած ազգին հոգեկան ու իմացական մակարդակին, ատակ` նորանոր յաջողութիւններու եւ խոյանքներու:

Ի՞նչ կը գտնենք մենք, երբ երկիւղածութեամբ մուտք կը գործենք հայ մշակոյթի գանձատունէն ներս: Մտքի նուաճումները, որոնք դարերէն կու գան եւ կը շարունակուին իրերայաջորդ սերունդներու մշակութային կեանքին մէջ, մեզ կը մղեն հաստատելու, թէ` կորսնցնելէ ետք պետականութիւն, ուժ եւ վերջապէս այն ամէնը, որոնք գլխաւոր ազդակները կը կազմեն ազգի մը ֆիզիքական գոյութեան եւ յարատեւութեան, մենք կառչած ենք հոգեկան արժէքներու, որոնք քանակէ աւելի` որակով կը գնահատուին:

Հայ միտքը գտած է այդ որակը. պատմականօրէն նուիրագործուած փաստ մըն է ասիկա: Այն իրողութիւնը, որ մենք չենք ձուլուած մեզ շրջապատող թիւով գերազանց ազգերու մէջ, մեծագոյն գրաւականն է այդ որակի տիրացումին:

Համեմատութիւններու վրայէն անշուշտ չենք կրնար գիծ քաշել: Անտարակոյս, իմացական աւելի բարձր մակարդակի մը վրայ պիտի գտնուէինք, եթէ կորսնցուցած չըլլայինք մեր պետականութիւնը: Մեր մէջ, հոգեփարումը ազգային ինքնապահպանման մտահոգութեամբ է ծանրաբեռնուած: Այս մտահոգութիւնը, սակայն, եթէ մէկ կողմէ վնասած է մեր ճաշակներու բիւրեղացումին, միւս կողմէ` անզանցառելի հրամայականով մը համադրած է մեր ճիգերը, եւ մենք մշակոյթին մէջ տեսած ենք մեր գոյութեան նախապայմանը:

Նիւթական աշխարհի մէջ մեր ունեցած ձախողութեամբը յուսահատուելու պէտք չունինք: Հայուն մարտունակութիւնը պատեհ առիթներուն փաստած է իր գոյութիւնը սերունդներու էութեան մէջ: Սակայն կրնանք հպարտանա՛լ մեր հոգեկանով:

Նոյնիսկ օտար ժողովուրդներու մօտ հպարտանքի զգացումը աւելի հոգեկան ակերէ կը բխի: Հարցուցէ՛ք ֆրանսացիի մը, թէ իր ո՛ր մէկ զաւակովը կը հպարտանայ, ան ձեզ պիտի պատասխանէ` Հիւկոյով, Փասթէօրով, Պերկսընով: Նոյն հարցումը ուղղեցէք անգլիացիի մը. Շէյքսփիր, Պեռնար Շօ պիտի պատասխանէ ձեզի: Իսկ մենք պիտի կրնանք հպարտանալ մեր Նարեկացիով, Սայաթ Նովայով, Մեծարենցով, Կոմիտասով:

Այն իրողութիւնը, որ մենք միշտ բարձր մնացած ենք մեր վրայ իշխող տէրութիւններէն, անգնահատելի յաղթանակ մըն է, զոր ազգ մը երբեւիցէ տարած ըլլայ մերինին չափ անտանելի պայմաններու մէջ: Մեր թշնամին չէ կրցած իր սնանկ հոգիին տափակութիւնը պարտադրել մեզի: Պարտուած է, ամէն անգամ որ փորձած է ոտք դնել հայ հոգիի սահմաններէն ներս:

Այսօր ալ, երբ քառասուն տարիներէ ի վեր մեր ոտքերուն  տակ չենք զգար հայրենի հողը, հողագործ կարողութիւնները, որոնք հնագոյն դարերէն սկսեալ, կը շարունակուին` հակառակ մեր բաժան-բաժան ըլլալուն,  հակառակ օտարաբոյր սովորութիւններու` մեր դրան առջեւ սպասելուն:

Հայուն ստեղծագործ ուժը չէ դադրած գործելէ նաեւ այսօր: Այս հաստատումը խորացնող փաստերու գոյութիւնը առաւելաբար կը պարտինք հոգեկանին տուած մեր արժէքին: Մեր անմահութիւնը` նոյնպէս հոգիին: Հոգին եւ հայ միտքը կը միանան հոս խորհուրդով մը պարուրուած, ու մէկուն յաղթանակը կ՛ըլլայ միւսինը:

Leave a Reply

Advertisement