Tuesday Jun 18, 2013

«Մաութըն Պայք»-ի Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանանցի Համակիրներուն Տրամադրուած Են Ձրի Փոխադրակառքեր

By adminx - Fri Oct 12, 6:02 am

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթավերջին Լիբանանի մարզական կեանքը, այս պարագային հեծելարշաւի մարզաձեւը, պիտի ապրի եզակի օրեր` նկատի ունենալով, որ Լիբանան առաջին անգամ ըլլալով պիտի հիւրընկալէ Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեանութիւնը` Պիսքանթայի շրջանին մէջ:

Նախքան յաւելեալ մանրամասնութիւններու անդրադառնալը, նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ կազմակերպութեամբ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի, գործակցութեամբ Պիսքանթայի քաղաքապետութեան եւ հսկողութեամբ Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնին:

Տոմինիք Ռեմոն

Այս առիթով երէկ Պէյրութ ժամանեց Միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ Տոմինիք Ռեմոն` հսկելու տարուող աշխատանքներուն, որպէսզի Լիբանան լաւապէս հիւրընկալէ այս ախոյեանութիւնը:

Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աւելի քան 100 հեծելանւորդներ` 13 երկիրներէ:

Երէկ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեանի եւ բաղկացած ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատերէն եւ գանձապահ Ռոպեր Փաթափութեանէն, այցելեց նախարար Քարամէի` անոր շնորհակալութիւն յայտնելու համար այս կարեւոր իրադարձութիւնը հովանաւորելուն համար:

Պատուիրակութիւնը` նախարարը տեղեակ պահեց նոր ֆետերասիոնին իրագործելիք յառաջիկայի ծրագիրներուն մասին` աւելցնելով, որ նախարարութեան հովանաւորութիւնը բոլոր ձեռնարկներուն եւ իրադարձութիւններուն կը նկատուի էական:

Այլ գետնի վրայ, Ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ասիոյ «Մաութըն Պայք»-ի ախոյեանութեան կազմակերպիչ յանձնախումբը` գործակցութեամբ Պիսքանթայի քաղաքապետութեան, համակիրներուն եւ այս մարզով մօտէն հետաքրքրուողներուն համար տրամադրած է ձրի փոխադրակառքեր, որոնք զանոնք պիտի փոխադրեն Պաքիշ եւ Պիսքանթա, որպէսզի անոնք քաջալերեն Լիբանանի ազգային խումբը, որ բաւական սուր պայքար պիտի մղէ ասիական երկիրներէ ժամանած հեծելանւորդներուն, մասնաւանդ Ասիոյ ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող ճափոնցի Քոհէյ Եամամոթոյի դէմ:

 

Leave a Reply

Advertisement