2014-ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Այսօր Հայաստան – Իտալիա Մրցումը` Երեւանի «Հրազդան» Մարզադաշտին Վրայ
By adminx - Fri Oct 12, 6:00 am
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print
Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 12 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Իտալիան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 20:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երկու կազմերն ալ երէկ եւ նախանցեալ օր կատարեցին իրենց փորձերը, որպէսզի կարենան լաւ արդիւնք արձանագրել եւ ցարդ իրենց ապահոված կէտերուն վրայ աւելցնել նորեր:
Հայրենի կազմը, ցարդ իր կատարած երկու մրցումէն ապահոված է երեք կէտ` արձանագրելով յաղթանակ մը եւ կրելով պարտութիւն մը:
Հայաստան – Իտալիա մրցումին նախօրեակին, երէկ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը:
Ստորեւ` անոր կարեւորագոյն բաժինները.
«Բոլորին ալ տրամադրութիւնը բարձր է, որովհետեւ առաջին անգամ է, որ կը մրցինք Իտալիոյ դէմ: Ատիկա տօն կարելի է նկատել:
«Ես միշտ կը հետեւիմ Իտալիոյ կատարած մրցումներուն: Ատիկա սկսայ շատ աւելի ուշի ուշով կատարել, երբ իմացանք, որ Իտալիա 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին մեր մրցակիցն է: Անիկա թեքնիքով շատ լաւ պատրաստուած է: Կրնանք ըսել, որ Իտալիա իւրայատուկ է իր խաղաոճով:
«Մենք պիտի փորձենք մեր լաւագոյն մրցումը կատարել: Սակայն մեզի պէտք է նաեւ քիչ մըն ալ բախտ:
«Աւելցնեմ, որ անոր այժմու մարզիչը Իտալիոյ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն մարզիչներէն մէկն է: Ան իր ուզած պահուն կրնայ մրցումի մը ընթացքին տարբեր լուծում գտնել:
«Իտալիոյ դէմ մեր կատարելիք մրցումին, Հայաստանի խմբապետի պաշտօնը վստահուած է բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիին:
«Ինչ կը վերաբերի մեր կիրարկելիք խաղաոճին, իւրաքանչիւր խումբ մրցում կը կատարէ` փորձելով օգտուիլ իր մրցակիցին տկար կողմերէն: Մենք պիտի փորձենք գտնել մեր մրցակիցին տկար կողմերը եւ անկէ մեկնելով յարձակումներ կազմակերպել, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային ալ պաշտպանուիլ:
«Իսկ վերջին խօսքս ուղղելով համակիրներուն կ՛ըսեմ, որ անոնց քաջալերանքին շնորհիւ է, որ կը հասնինք դրական արդիւնքի: Հետեւաբար, կու գամ ըսելու, որ անոնք լեցնելով դաշտին թրիպիւնները` պէտք է քաջալերեն իրենց կազմը»:
Այլ գետնի վրայ, երէկ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ մարզադաշտին մուտքերուն մօտ մարզասէրներու խճողում չըլլալու համար ֆետերասիոնը կը խնդրէ բոլորէն, որ մրցումին ներկայ գտնուիլ փափաքողները (բնականաբար` տոմս ունեցողները), ազդանշանը տրուելէն երկու ժամ առաջ արդէն իսկ տեղաւորուած ըլլան իրենց համար տրամադրուած աթոռներուն վրայ:
- 0 Comments
- 83 views
- Tweet
Email
Print




