Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Առաջին Հեծանիւաուղին
By adminx - Fri Oct 12, 5:56 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
«ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 10 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ բացուեցաւ առաջին հեծանիւաուղին, որ Երեւանի քաղաքապետութեան եւ «Կանաչաստան» հասարակական կազմակերպութեան միացեալ նախաձեռնութիւնն էր:
Այս հեծանիւաուղին կ՛անցնի Օղակաձեւ զբօսայգիին ամբողջ երկայնքով` անցնելով «Առագաստ» սրճարանին մօտ գտնուող պարտէզէն եւ հասնելով մինչեւ զօրավար Անդրանիկի արձանին մօտ գտնուող պարտէզը:
Հեծանիւաուղիին ամբողջ երկայնքին դրուած են համապատասխան նշաններ, ճամբու ուղեցոյցը զետեղուած է ցուցատախտակի մը վրայ եւ դասաւորուած են հեծանիւներուն հաւաքման վայրերը:
Իր խօսքին մէջ, Երեւանի քաղաքապետութեան փոխադրամիջոցներու բաժանմունքի նախագահ Հենրիկ Նաւասարդեան ըսաւ. «Այս փոխադրամիջոցը ընդունուած է ամբողջ աշխարհին մէջ: Ասիկա մեզի համար ներկայ հանգրուանին փորձի բնոյթ պիտի ունենայ: Ապագային, եթէ փոխադրամիջոցի այս ձեւը լաւ արձագանգ ձգէ Երեւանի շրջանին մէջ, նպատակ կայ այս նախագիծը ընդլայնելու»:
Բացատրելով ան ըսաւ, որ 2,5 քիլոմեթր երկարութեամբ եւ 1,5 մեթր լայնքով այս հեծանիւաուղին այժմ կ՛անցնի մայթերուն վրայէն` նկատի ունենալով, որ երթեւեկի նման միջոց մը առաջին անգամ գործառնութեան կը դրուի Երեւանի մէջ: Նկատի ունենալով, որ անիկա փորձառական բնոյթ ունի, այդ պատճառով ալ քիչ մը կանուխ է հեծելանւորդներուն ճամբու բաժինէն տեղ տրամադրել:
Իսկ «Կանաչաստան» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Տիգրան Չարչօղլեան ըսաւ. «Այս հեծանիւաուղին ընտրեցինք, որովհետեւ այս շրջանը կանաչ եւ բնապահպանման տարածք է, ինչպէս նաեւ շատ մօտ է փոխադրամիջոցներու հաստատութիւններուն` Մաշտոցի փողոցին եւ զօրավար Անդրանիկի արձանին նայող տարածքին»:
Ապա, փափաքողներուն համար անվճար տրուեցան հեծանիւներ` այս հեծանիւաուղիին վրայ երթեւեկելու համար:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print



