Միջին Արեւելքի Ռելիներու Ախոյեանութիւն. Նասեր Աթիէ Կը Ցանկայ Յաղթել Յորդանանի Մէջ
By adminx - Fri Oct 12, 5:55 am
- 0 Comments
- 0 views
- Tweet
Email
Print
Քաթարցի վտանգաւոր վարորդ Նասեր Աթիէ, որ իր մասնակցութիւնը չբերաւ Լիբանանի միջազգային 35-րդ ռելիին (ապահովական պատճառներով), կը ցանկայ ամէն գնով յաղթել այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Յորդանանի ռելիին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ:
Աթիէ, որ իր իտալացի օգնականին` Ճիովանի Պիրնաքինիի հետ պիտի քշէ «Ֆորտ Ֆիեսթա – Ար. Ար. Սի.» ինքնաշարժը, կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցած Ալզաս ռելիին իր ձեռք ձգած յաջողութիւնը յաւելեալ պատճառ մը պիտի ըլլայ, որ Յորդանանի մէջ վճռակամութեամբ եւ յաղթելու նպատակով մասնակցի այս շաբաթավերջի ռելիին:
- 0 Comments
- 0 views
- Tweet
Email
Print



