«Դիմադրութիւնը Դէպի Իսրայէլ Հետախուզական Օդանաւ Ղրկած Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
By adminx - Fri Oct 12, 7:39 am
- 0 Comments
- 181 views
- Tweet
Email
Print
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն որդեգրեց դէպի հարաւային Իսրայէլ առանց օդաչուի հետախուզական օդանաւ մը ղրկելու գործողութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը դէպի Իսրայէլ ղրկած է հետախուզական օդանաւ մը` հաստատելով, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Դիմադրութեան շարժում մը այս կարողութիւններով կը ներկայանայ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ առանց օդաչուի հետախուզական այս օդանաւը իրանեան արտադրութիւններէ կազմուած է` Հըզպալլայի մասնագէտներուն կողմէ:
Ան նշեց, որ այս օդանաւը կը կոչուի «Այուպ» օդանաւ, «ինչպէս նախապէս ունեցած ենք «Մըրսատ»-ը, որ աւելի փոքր էր եւ սահմանափակ կարողութիւններով օժտուած», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ գործողութիւնը եւս կը կոչուի «Այուպ» գործողութիւն` նկատի ունենալով այդ օդանաւին կազմութեան հասնելու երկար ժամանակը եւ համբերութիւնը, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան նահատակներէն Հիւսէյն Այուպը, որ նման աշխատանքներով կը զբաղէր:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ այս հետախուզական օդանաւին նուաճումը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ ան ժամեր շարունակ հարիւրաւոր քիլոմեթրերու վրայ թռիչքներ գործած է Իսրայէլի վերեւ` խզելով հոն զետեղուած իսրայէլեան, ամերիկեան եւ այլ տեսակի ռատարներ: «Իսկ այդ օդանաւը վար առնելը շատ սովորական է», նշեց ան:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ «Իսրայէլ ընդունած է, թէ մենք յաջողած ենք խզել Իսրայէլի օդային սահմանները»:
Նշենք նաեւ, որ սէյիտ Նասրալլայի կատարած յայտարարութենէն ճիշդ մէկ ժամ առաջ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու հաստատեց, որ անցեալ շաբաթ երեկոյեան իսրայէլեան օդային սահմանները խզող անօդաչու թռչող սարքը Հըզպալլայի կողմէ ուղարկուած է:
Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Դիմադրութիւնը տակաւին անակնկալներ ունի մատուցելիք Իսրայէլի` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին հրապարակումէն ի վեր Իսրայէլ 20,864 անգամ խախտած է լիբանանեան օդային սահմանները եւ ոտնձգութիւններ գործած լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
Ան աւելցուց, որ Դիմադրութեան իրաւունքն է որեւէ պահու այդ օդանաւը ուղարկել Իսրայէլ եւ զանազան շրջաններու մէջ հետախուզութիւններ կատարել:
Սէյիտ Նասրալլա շնորհաւորեց Դիմադրութեան մարտիկները եւ անդամները այս նուաճումին համար` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնը պահպանելը մեծ զոհողութիւններու կարիք ունի:
Նապի Շիթի պայթումին մասին սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը ստիպուած է զէնքի եւ զինամթերքի իր պահեստանոցները բաժնել լիբանանեան զանազան շրջաններու եւ տարբեր գիւղերու ու գիւղաքաղաքներու մէջ` նկատի ունենալով թշնամի Իսրայէլին կողմէ տարբեր շրջանները իրարմէ բաժնելու մարտավարութիւնը:
Ան նշեց, որ պահեստանոցներուն վայրը պէտք է գաղտնի պահուի` աւելցնելով սակայն, որ նման փորձանքներ կարելի են:
Այս շրջագիծին մէջ, սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլայի զէնքին հետ հարց ունեցող քաղաքական կողմերուն իսկական հարցը Դիմադրութեան գոյութիւնն է: «Անոնք չեն փափաքիր, որ Իսրայէլի դէմ Դիմադրութիւն ըլլայ, անկախ անկէ, որ այդ Դիմադրութիւնը Հըզպալլան է, Ամալը, աջակողմեանը, ձախակողմեանը եւ այլն», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ Պեքաայի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ այնպիսի գիւղերու եւ գիւղաքաղաքներու, որոնք կը գտնուին սուրիական հողերուն վրայ` սուրիական սահմաններուն մէջ, սակայն միաժամանակ անոնց բնակիչները լիբանանցիներ են, որոնք կը կրեն լիբանանեան ինքնութիւնը եւ հարիւր տարիէ ի վեր կ՛ապրին այդ շրջաններուն մէջ:
Այս մասին խօսելով` սէյիտ Նասրալլա լիբանանեան պետութեան ուշադրութեան յանձնեց, որ այդ շրջաններուն մէջ կան շուրջ երեսուն հազար լիբանանցիներ, որոնք կ՛ապրին իրենց տուներուն մէջ, հողեր ունին եւ պատմութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛անդամակցին լիբանանեան կուսակցութիւններու:
Ան բացայայտեց, որ անոնց մէջ կայ Հըզպալլայի անդամներու մեծ թիւ մը, որ դիմած է կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարութեան` գիտնալու համար, թէ Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ կեցուածք պիտի որդեգրէ, սակայն կարելի չէ եղած յստակ ցուցմունքներ տալ անոնց, հետեւաբար, երբ անոնք որոշած են իրենց հողը, տունը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանել Սուրիական ազատ բանակին դէմ, ապա ինքնապաշտպանութիւն կատարած կ՛ըլլան եւ ոչ թէ Սուրիական ազատ բանակին ու սուրիական վարչակազմին միջեւ տագնապին մաս կազմած: Ան յայտնեց նաեւ, որ ինք չի կրնար արգիլել անոնց, եթէ անոնք որոշած են ինքնապաշտպանութիւն կատարել:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուներէն Ապու Ապպաս այս դէպքերուն ընթացքին է, որ նահատակուած է` աւելցնելով, որ իր երեսուն տարուան պատմութեան ընթացքին Հըզպալլա միշտ ալ հպարտացած է իր նահատակներով եւ ոչ թէ ստած անոնց նահատակութեան դրդապատճառներուն մասին:
Իր խօսքը ուղղելով սուրիական ընդդիմութեան` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ զրպարտութիւններն ու սպառնալիքները զիրենք չեն վախցներ եւ խորհուրդ տուաւ անոնց չդիմելու նման քայլերու:
Սուրիոյ մէջ լիբանանցիներ առեւանգողներուն ուղղելով իր խօսքը` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ «եթէ կը սպասէք, որ ներում հայցեմ, ապա չեմ կարծեր, որ մարդիկ կ՛ընդունին այդպիսի քայլի դիմելս, ընդհակառակն` այդ պահանջը ամօթալի է ձեզի համար»: «Մեզի ձեր տագնապէն զերծ կացուցէք, ոչ ոք թող փորձէ մեզի սպառնալ եւ ոչ մէկը թող փորձէ մեզ. մնաք բարով», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:
- 0 Comments
- 181 views
- Tweet
Email
Print



