Monday May 20, 2013

Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերը Կազմեցին Սեղմ Յանձնախումբ Մը

By adminx - Fri Oct 12, 7:36 am

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերու նիստէն պահ մը

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը` նախագահութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարիի եւ ներկայութեամբ արդարութեան, ներքին գործոց եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարներուն` Շաքիպ Քըրթպաուիի, Մարուան Շարպելի եւ Ատնան Մանսուրի:

Նիստին ընթացքին կարելի եղաւ կազմել 10 անդամ հաշուող սեղմ յանձնախումբ մը, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ ճշդել յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկութեան ձեւը` ընտրաշրջաններու թիւի բաժանումին առումով, ինչպէս նաեւ ճշդել ընտրական օրէնքին բնոյթը:

Մքարի երեսփոխաններ Սամիր Ժսըրի եւ Իպրահիմ Քանաանի հետ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին կազմուեցաւ այդ յանձնախումբը, որ երեք շաբթուան ընթացքին պէտք է կատարած ըլլայ իր ստանձնած պարտականութիւնը:

Սեղմ յանձնախումբին մաս կը կազմեն խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի (յանձնախումբի նախագահ), Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան, երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ եւ Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ:

Մեկնումի պահուն Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու առումով տարբեր երկիրներու լիբանանեան դեսպանատուները բացթողումներ արձանագրած են: Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ուղղուելու դեսպանատուներ եւ արձանագրելու իրենց անունները:

Մանսուր ըսաւ, որ 3009 լիբանանցիներ իրենց անունները արձանագրած են դեսպանատուներուն մէջ, իսկ 7000 արտերկրի լիբանանցիներ պատրաստակամութիւն յայտնած են մասնակցելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց նախարարին աւելի հետեւողական եւ ճշգրիտ ըլլալու արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցելու առումով:

Երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ արտերկրի լիբանանցիները պէտք է ուղղուին դեսպանատուն, արձանագրեն իրենց անունները, անկախ այն իրականութենէն, որ քուէարկութիւնը ի՛նչ ձեւով պիտի կատարուի:

Երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ իրենք համաձայն են արտերկրի լիբանանցիներուն ընտրութիւններուն մասնակցութեան, «սակայն պէտք է ի մտի ունենալ, որ կան մեծ երկիրներ, որոնք լիբանանեան քաղաքական հիմնական կարգ մը ուժեր ահաբեկչական կը նկատեն եւ կրնան արգիլել այդ կուսակցութիւններուն ընտրական քարոզչութիւնը», ըսաւ ան` նկատել տալով, որ այս մէկը հաւանականութիւն մըն է եւ պէտք է անոր լուծումներ գտնել:

Նշենք, որ սեղմ յանձնախումբը իր նիստը պիտի գումարէ խորհրդարանին մէջ յառաջիկայ երեքշաբթի օր, իսկ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը իրենց նիստը պիտի գումարեն յառաջիկայ հինգշաբթի օր` քննարկելու համար ընտրական օրէնքը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement