Thursday May 23, 2013

Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանի Նախագահի Եւ Աւստրալիոյ Վիքթորիա Նահանգի Կառավարիչի Մեծարանքի Ձեռնարկ

By adminx - Fri Oct 12, 7:34 am

Լիբանանի եւ Աւստրալիոյ առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի միացեալ գրասենեակին կազմակերպութեամբ, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի կառավարիչ Ալեքս Շիռնովի եւ Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի նախագահ տոքթ. Հատի Մահֆուզի մեծարանքի յատուկ ձեռնարկ մը` առ ի գնահատանք լիբանանեան-աւստրալիական յարաբերութիւններուն ամրապնդման մէջ անոնց ունեցած ներդրումին:

Այս ձեռնարկին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին  ներկայացուց ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան:

 

Leave a Reply

Advertisement