ՔԱՅԼԱՐՇԱՒ` «ԱԶԱՏԱՄԱՐՏ» ԱԿՈՒՄԲԷՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
By adminx - Tue Apr 26, 7:53 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ` երկուշաբթի, 25 ապրիլի յետմիջօրէի ժամը 3:15-ին, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբէն քայլարշաւ կատարուեցաւ դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան:
Շուրջ 160 ՀՄԸՄ-ականներ` ՀՄԸՄ Պէյրութ մասնաճիւղէն, «Ազատամարտ» կոմիտէի անդամներ, շրջանի ԼՕԽ-ականներ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ժողովուրդ մասնակցեցան այս քայլարշաւին: Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն եւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդէն անդամներ:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան, ՀՄԸՄ Պէյրութ մասնաճիւղի եւ ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղին կողմէ: Ապա կրկին քայլարշաւով մասնակիցները վերադարձան «Ազատամարտ» ակումբ:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print



