Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Fri Oct 12, 7:28 am
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի եւ Սուտանի դեսպաններ Աշրաֆ Համտին եւ Ահմետ Հասան Մոհամետը, որոնց հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի եւ Սուտանի բանակներուն յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը լիբանանեան բանակին հետ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆատի Աաուար «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Հերմելի մէջ Հըզպալլայի հինգ մարտիկներ զոհուած են, երբ անոնց դէմ յարձակում գործած են սուրիացի ընդդիմադիրներ: Աաուար շեշտեց, որ Հըզպալլայի անդամներուն դէմ յարձակումը գործուած է, երբ անոնք կը գտնուէին լիբանանեան հողերուն վրայ եւ իրենց գիւղերուն մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր զարմանք յայտնեց, թէ ի՞նչ կրնան ըլլալ այն պատճառները, որոնք Հըզպալլան կը մղեն կռուելու սուրիական վարչակազմին կողքին:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակի միացեալ հրամանատարութեան պաշտօնական բանբեր Ֆահտ Մասրի շեշտեց, որ իրենք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ուսանելի դաս մը պիտի տան Պէյրութի մէջ` աւելցնելով, որ իրենք գիտեն ձեւերը սէյիտ Նասրալլայի եւ Դիմադրութեան բոլոր ղեկավարներուն շատ դիւրաւ հասնելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու առումով միակ լուծումը քաղաքական միասնականութիւնն է:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կառչած կը մնայ պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսականներու յաւելումներուն ֆինանսաւորման նպատակով նիւթական յաւելեալ միջոցներու ապահովման:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ դատական իշխանութեան մէջ կատարուած նշանակումները նուաճում կը նկատուին` աւելցնելով, որ անոնք պէտք էր կատարուէին տարի մը առաջ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական աղբիւրներէ, յայտնեց, որ կառավարութիւնը վշտացած է Սենտիքայական աշխատանքները համակարգող խորհուրդին բանեցուցած ճնշումներէն:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, երեսփոխան մը յայտնած է, որ երեսփոխան Օքապ Սաքըր նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն գումարներ ստացած է եւ զանոնք փոխանցած Սուրիոյ ընդդիմութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մօտիկ ապագային յառաջիկայ 12 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Ազգային երկխօսութեան նիստը պիտի յետաձգէ 29 նոյեմբերին` նկատի ունենալով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ այդ նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը:
ՊէՅՐՈՒԹԻ առեւտրականներու միութեան նախագահ Նիքոլա Շամմաս կոչ ուղղեց պետական մարզի պաշտօնեաներու ամսականներու յաւելումներուն թղթածրարին քննարկումը կատարելու երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք:
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Մուաննես յայտնեց, որ իսլամական կրօնը չի սպաններ, այլ` ահաբեկչութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը փափաքի վաւերացնել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ զինք կը բարձրացնէ հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ ցարդ առաջարկուած բոլոր ընտրական օրինագիծերէն լաւագոյնը կը մնայ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը:
ՍԱՅՏԱՅԻ Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ Ասիր քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին սպառնաց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեանքը վերածել դժոխքի եւ մտահոգութեամբ լեցնել անոր գիշերներն ու ցերեկները: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով ինք յառաջիկայ կիրակի օր Կեդրոնական Պէյրութէն կարեւոր կեցուածք մը պիտի յայտարարէ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Դիմադրութեան պատրուակով Հըզպալլա կրնայ տիրել ամբողջ Լիբանանին:
- 0 Comments
- 10 views
- Tweet
Email
Print



