Sunday May 19, 2013

Իվանիշվիլիի Պաքու Այցելութեան Լուրը Չի Հաստատուիր

By adminx - Fri Oct 12, 7:26 am

«Կրուզիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի թեկնածու Մայա Փանճիքիծէ չէ հաստատած ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն տարածած այն տեղեկութիւնը, թէ Վրաստանի ապագայ վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի Միացեալ Նահանգներ այցելելէ ետք Պաքու պիտի այցելէ:

Փանճիքիծէ յայտարարած է, որ իրենք այդպիսի բան որեւէ մէկուն չեն յայտնած:

Իվանիշվիլիի այցելութեան մասին ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին` յղում կատարելով Ազրպէյճանի մէջ Վրաստանի դեսպան Թէյմուրազ Շարաշենիծէին:

«Անձամբ ես Շարաշենիծէի հետ չեմ կապուած», յայտարարած է Վրաստանի դիւանագիտութեան ապագայ ղեկավարը:

Leave a Reply

Advertisement