Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Համահայկական Համագումարներու
By adminx - Fri Oct 12, 7:16 am
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print

Խաչիկ Տէտէեան կը կարդայ Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը` Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովին
4-6 հոկտեմբեր 2012-ին Աղաւնաձորի մէջ (Հայաստան) տեղի ունեցած Լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ողջոյնի խօսքը կարդաց կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Սոյն համաժողովը քննարկեց «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ» նիւթը. համաժողովին ընթացքին ներկայացուեցան զեկուցումներ եւ կատարուեցան քննարկումներ:
Հայ գրատպագրութեան 500-ամեակի եւ Երեւանը 2012 թուականի գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական գրադարաններու առաջին համագումարը: Սոյն համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի մատենադարանի տեսուչ Տիրայր արք. Փանոսեան: Համագումարին ընթացքին քննարկուեցան հայագիտական հաստատութիւններու միջեւ գրափոխանակութեան կազմակերպման, հայ հնատիպ գիրքի համահաւաք շտեմարանի ստեղծման, եւ հայ պարբերական մամուլի համահաւաք գրացուցակի եւ շտեմարանի ստեղծման վերաբերող հարցեր:
- 0 Comments
- 32 views
- Tweet
Email
Print



