Monday May 20, 2013

Ամպերին-Զաման. «Ազրպէյճանի Մէջ Արդարութիւն. Զա՛րկ Կացինով, Վարձատրուէ՛»

By adminx - Fri Oct 12, 5:36 am

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Հապեր Թիւրք»-ի աշխատակից Ամպերին Զաման յիշեալ թերթին մէջ վերի խորագրին ներքեւ ձեռք կ՛առնէ ութ տարի առաջ Հունգարիոյ մէջ ազերի զինուորական Սաֆարովի կողմէ կացինով սպաննուած հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի դէպքը: Կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Սաֆարով իր այս սարսռազդեցիկ սպանութեան պատճառով ութ տարի բանտարկուելէ ետք ազատ արձակուեցաւ, Ազրպէյճան վերադարձուեցաւ, ուր հերոսներու նման դիմաւորուեցաւ, սիրալիր ցոյցեր կատարուեցան իրեն ի պատիւ, բնակարան, ութ տարուան աշխատավարձ, յաւելեալ գումարներ տրուեցան իրեն եւ հազարապետի աստիճանով պարգեւատրուեցաւ:

Այս բոլորը պատմելէ ետք, Ամպերին Զաման կը գրէ, թէ այս վերադարձի ենթահողը պատրաստուած էր արդէն: Ազրպէյճանի մէջ պետութեան կողմէ այն տարաձայնութիւնը շրջեցաւ, թէ Մարգարեան իբր թէ իր բնական պէտքը ընելէ ետք Ազրպէյճանի դրօշակին վրայ, այդ դրօշակով իր կօշիկները սրբած էր: Այս գրգռութիւններէն ջղայնացած` Սաֆարով ալ իր «ազգային զգացումներու պարտադրած պատիժը տուեր էր իրեն»:

Ամպերին Զաման

Մինչդեռ Պուտափեշտի դատարանը յիշեալ պնդումները արդարացնող որեւէ փաստաթուղթ չներկայացուց: Ո՛ր տեսանկիւնէն ալ նայուի դէպքին, այն արդիւնքը ձեռք կը բերուի, որ սպաննուողը միայն Մարգարեանը չէ, այլ միջազգային իրաւակարգն է: Պնդումներու համաձայն, Հունգարիոյ կառավարութիւնը, որ տնտեսական տագնապի պատճառով տուայտանքի մէջ է, Սաֆարովը վերադարձնելու փոխարէն` Ազրպէյճանէն զանազան շահեր ապահովեց: Կ՛ըսուի, որ Ազրպէյճան երեք միլիառ տոլարի փոխարէն` Հունգարիոյ կառավարութենէն գնեց պետական արժեթուղթեր: Հունգար կառավարութիւնը, որ այս գայթակղութեան տակ ստորագրութիւն դրաւ, Եւրոխորհրդարանի գլխաւորութեամբ, ամէն կողմէ մեղադրանքներու նշաւակ դարձաւ: Իսկ Հայաստան Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական իր յարաբերութիւնները ջնջեց: Հայ դիւանագէտ մը, որուն հետ տեսակցեցայ, ըսաւ. «Այսուհետեւ բոլորս ալ մէկ-մէկ թիրախ ընտրուած ենք: Տրուած պատգամը հետեւեալն է. «Զա՛րկ կացինով, վարձատրէ»: Իսկ այս դէպքի միւս զոհը Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ ընթացող Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ղարաբաղեան հարցի լուծման ուղղեալ բանակցութիւններն են: Հայ դիւանագէտը կը յայտնէ, որ այսուհետեւ կարելի չէ խօսիլ խաղաղութեան մասին: Իսկ ոճրագործի վերադարձուելէն ետք Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ Ազրպէյճան տրուած պաշտօնական այցելութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ներշնչէ, որ թուրք եւ հայ յարաբերութիւնները մօտաւոր ապագային  բնականոն ընթացք պիտի չունենան:

Կը հետեւէի հայ դիւանագէտին խօսքերուն, ու մտածումներս հասան մինչեւ Պաթման (Սասուն, Ա.): Ծանօթ էք, որ անցեալ տարի Պաթմանի Քոզլուք շրջանի Կիւմիւշկէօրկիւ ոստիկանատան մէջ իր զինակից Քըվանչ Էրօղլուի կողմէ սպաննուած էր հայ զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքչը:

Այս օրերուն դատավարութիւն կ՛ընթանայ եւ Էրօղլու ոչ ձերբակալեալ վիճակով կը շարունակէ պնդել, թէ դէպքը ընդամէնը արկած էր:

Բայց բոլորի միտքերն ալ կը չարչրկէ այն կասկածը, որ Պալըքչը ոճիրի մը զոհը դարձած էր, որովհետեւ սպաննուած էր 24 ապրիլի օրով, այսինքն` այն օրը, երբ աշխարհասփիւռ հայեր «Հայոց ցեղասպանութեան» զոհերը կը յիշատակեն: Սեւակի մայրը` Անի Պալըքճը տարակոյս չունի որ որդին դիտումնաւոր կերպով սպաննուած է: «Քըվանչի վիճակը զարմանք կը պատճառէ ինծի: Միշտ շատ հանգիստ էր: Անոր ըսի, թէ` «ո՞ւր է Սեւակը», «Արկած էր» ըսաւ ու չկրցայ ուրիշ բան հարցնել», կ՛ըսէ Անի Պալըքճը ու կը շարունակէ. «Դատավարութեան ապացոյցներն ու վկաները մէջտեղն են: Դատավարութեան վերջին նիստին հարցուցի, թէ դատարանը ինչի՞ կը սպասէ իր վճիռը արձակելու համար, այսքան վկաներ ու ապացոյցներ կան, ինչո՞ւ Քըվանչ Էրօղլու տակաւին ազատութեան մէջ կը մնայ»: Պալըքճը ընտանիքին փաստաբանն է Իսմայիլ Ճեմ Հալաւուրթ, որ սպանեալ լրագրող Հրանդ Տինքի դատավարութեան փաստաբաններէն մէկն էր, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ երկու սպանութիւններու հասարակաց գիծերուն վրայ: Ան կ՛ըսէ, որ եթէ նոյնիսկ դէպքը արկած է, Հրանդ Տինքի կամ Սեւակ Պալըքճըի վրայ հրացան պարզուած է: Այսինքն այն, ինչ որ խորհած էր Օկիւն Սամասթ, նոյն միտքը կար նաեւ Քըվանչ Էրօղլուի գլխուն մէջ:

Ամպերին Զաման իր յօդուածը կ՛եզրափակէ հետաքրքրական հարցումով մը.

«Իրա՛ւ, Քըվանչ Էրօղլու ինչո՞ւ այսքան հանգիստ է: Արդեօ՞ք ան ալ կը հաւատայ կամ կ՛ուզէ հաւատացնել, թէ Սաֆարովի պէս ինք ալ իր ոճիրը կատարած էր անսալով «ազգային  զգացումներու հրահանգներո՞ւն»:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement