Thursday May 16, 2013

50 Տարի Առաջ ( 12 Հոկտեմբեր 1962 )

By adminx - Fri Oct 12, 5:31 am

Տոմսեր

Վերամուտ

Սեպտեմբերը անցած-չանցած` ամէն մարդ սկսած է վերամուտի մասին խօսիլ: Լուրջերն ու անլուրջերը, գործի տէր եղողներն ու անգործները, բոլորը մէկ մտահոգութիւն ունին. զաւակներուն դպրոցի հարցը:

Ես, որ զաւակ եւ այլն չունիմ դպրոց դնելիք, եւ մանաւանդ որ ես անձամբ արձանագրուած եմ ու` դասերուս սկսած, հարկ կը տեսնեմ մէկ քանի բան ըսել վերամուտի մասին, թերեւս օգտակար բաներ լսած կ՛ըլլամ եւ կամ անօգուտներուն արեան ճնշումը կը բարձրացնեմ:

Անմիջապէս ըսեմ, որ ուսուցիչները սկսած են իրենց գօտիները կրցածնուն չափ սեղմել… անօթութեան առաջքն առնելու համար: Իսկ ուսուցչուհիներ իրենց ունեցածն ու չունեցածը կը ծախսեն ձեռք մը հագուստ եւ տասներկու սանթիմնոց կրունկով կօշիկ մը գնելու համար: Այսպիսով աւելի կրնան ազդել եղեր աշակերտներուն վրայ…

Հոգաբարձուներն ալ նախաճաշէն ետք սկսած են իրենց աւանդական յանկերգը մէկ քանի անգամ կրկնել, որպէսզի ամսեգլխուն կարենան իրենց ուսուցիչները դիմագրաւել` ըսելով. «Գանձանակը պարապ է, երբ լեցուի, ձեր ամսականները կու տանք, մի՛ վախնաք»:

Հայրեր իրենց թեթեւցած գրպաններով… ազատ, ազատ գործի կը փութան… Իսկ մայրեր մեծ զոհողութիւններով սկսած են պարպել իրենց ամուսիններուն գրպանները… «Չոճուխներուն» գոգնոց եւ գիրք գնելու համար:

Տեսչարանները կը յիշեցնեն 1956-ի հունգարական փուռերը…: Շարք-շարք մայրեր կը սպասեն արձանագրութեան համար: Հարուստները արդէն իսկ իրենց «չոճուխներ»-ը ազատա՜ծ են հայկական «ախոռներէն», եւ կարծել կը ձեւացնեն, թէ մէկու մը մահուան առթիւ իրենց նուիրած «փոխան ծաղկեպսակի» տասը ոսկիով կրնան դպրոց պահել ու հայապահպանում ճարել…

Շատ մը մայրեր երդում-պատառ կ՛ըլլան, որ յաջորդ տարի անպայման իրենցինները պիտի ղրկեն օտար դպրոց: Արդէն այս տարի իսկ որոշած էին օտարին դիմել, բայց ի՞նչ օգուտ, որ «թելեվիժըն» գնած են, ու պիւտճէնին` քիչ մը թեթեւցած…

Գրատուներն ալ, որոնք մէկ տարիէ ի վեր ճանճ կը քշէին, այս օրերուս արթնցած ու սկսած են տետրակ եւ մատիտ ծախել…:

Տնտեսներն ալ տնօրէններուն չափ իրաւասութիւն կը վայելեն այս օրերուս:

ԳԵՒՕ

Հայաստան

Արարատ Ալեքսանեանի Մահը

 

Կարճ, այլ ծանր հիւանդութեան զոհ գացած է Լենինկրատի բնախօսութեան կաճառի տնօրէն եւ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ` փրոֆ. Արարատ Ալեքսանեան:

Ողբացեալը եղած էր ակադեմիկոս Լ. Օրբէլիի մօտիկ աշակերտը եւ անոր հետեւորդներէն մէկը: Ծնած էր 1907-ին, Պաթում: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած էր Երեւանի մէջ, ապա աշակերտած` Լ. Օրբէլիի, Լենինկրատի մէջ, եւ ուր պաշտօնավարած էր մօտ 25 տարի:

1950-ին նշանակուած էր Երեւանի բնախօսութեան կաճառի տնօրէն:

Իր գիտական գործունէութիւնը սերտօրէն շաղկապուած էր ակադեմիկոս Լ. Օրբէլիի հիմնած բնախօսութեան դպրոցին հետ: Կեդրոնական ջղային համակարգութեան եւ փոքր ուղեղի հարցերուն նուիրուած իր գործերը ծանօթ են բոլոր մասնագէտներուն: Իր գրչին կը պատկանին յիսուն գիտական աշխատութիւններ:

Պատմագիտական Համագումար

Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջերս գումարուած պատմագիտական միջազգային տասներորդ համագումարին մասնակցած են հայ երկու գիտնականներ Գարեգին Պետրոսեան` նախագահ Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի բնագիտութեան եւ թեքնիք պատմութեան խորհուրդին եւ փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան` նախագահ բնագիտութեան եւ թեքնիք պատմաբաններու խորհրդային ազգ. միաւորման խորհուրդին:

Գիտնական Գարեգին Պետրոսեանի զեկուցումը նուիրուած էր յոյն ուսողագէտ Կղիդէսի «Սկզբունքները» երկրաչափութեան հայերէն բնագրին ուսումնասիրութեան:

Փրոֆեսէօր Ա. Գրիգորեան ընտրուած է գիտութեան պատմաբաններու միութեան փոխնախագահ, իսկ փրոֆ. Գ. Պետրոսեան` գիտութեան եւ թեքնիքի պատմութիւն դասաւանդող միջազգային յանձնաժողովի անդամ:

Օփերայի Խաղացանկը

Երեւանի օփերայի այս եղանակի խաղացանկը կազմուած է դասական եւ արդիական օփերաներէ եւ բեմապարերէ: Իկոր Սթրաւինսկիի «Եդիպոս արքան», Օֆընպախի «Հոֆմանի հեքիաթները», Փրոքոֆիեւի «Մոխրոտը», Շթրաուսի «Սալոմէն», Չայքովսքիի «Տամ տը փիք»-ը: Իսկ հայկական բաժինը կազմուած է ծանօթ եւ նոր գործերէ` «Գայեանէ» (Ա. Խաչատրեան), «Երեք արմաւենի» (Ալ. Սպենդիարեան) եւն.: Պիտի ներկայացուին նաեւ նոր հեղինակութիւններ, ինչպէս` «Պաղտասար աղբար», «Սայաթ Նովա» եւ «Ճշմարտութիւնը» օփերաները:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement