Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Fri Oct 12, 5:30 am
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի աւարտէք շաբաթը ամենայն գոհունակութեամբ, տրուած ըլլալով, որ շատ լաւ աշխատանք կատարած էք` արդիւնաւէտ եւ յաջող ընթացքով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի պիտի յանձնեն պարտականութիւն մը, զոր պիտի կատարէք սիրով եւ յաջողութեամբ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը աշխատանքային ըլլալով հանդերձ, ունիք կարօտաբաղձ տրամադրութիւն` դուրս ելլելու եւ պտոյտով մը ներշնչուելու նորութիւններով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շուրջը պիտի ստեղծէք հիանալի մթնոլորտ մը, որ բարեկամական ըլլալէ աւելի` հարազատ տրամադրութեամբ թրծուած է: Ուրախ էք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատանքին մէջ պիտի ունենաք շատ լաւ անակնկալ մը, որ պիտի ստեղծէ հաճելի մթնոլորտ մը` ձեզի եւ ձեր շրջապատին համար:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հակառակ սեռին կողմէ պիտի ստանաք փաղաքշական լուրեր եւ սիրալիր տրամադրութիւն պիտի ստեղծուի ձեր շուրջը, ինչ որ ձեզ պիտի շիկնեցնէ: Դրական կեցուածք արտայայտեցէք: Օրը յաջող է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք գիտէք ձեր ակնկալութիւնները, ձեր կարելիութիւնները: Անկեղծութեամբ մօտեցէք հարցը քննարկելու: Անփոյթ մի՛ մնաք, աշխատեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պէտք ունիք խորհրդատուի մը, կրնաք առնել առաջնորդողի դեր եւ ստանձնել ճիշդ պարտականութիւն: Կարեւորութիւն մի՛ տաք նախանձողներու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք կարողութիւններ, զորս չէք օգտագործած: Շրջահայեաց եղէք եւ ճշդեցէք, թէ ո՞րն է ձեր ճիշդ ընելիքը: Մի՛ շփոթիք, եղէք իմաստուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Որոշած էք զարգացնել ձեր գիտութիւնը: Այս մարզին մէջ նկատի ունեցէք օտար լեզու մը սորվելու կարեւորութիւնը: Կ՛օգտուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Նպաստաւոր է օրը մասնաւորաբար տնտեսական շահ մը ապահովելու: Համարձակ եղէք, պիտի վարձատրուիք: Օրը փայլուն է եւ հաճելի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օրը պիտի անցնի խաղաղ եւ ուրախ, մանաւանդ ձեր գործակիցներուն հետ` աշխատանքի պահերուն: Նիւթական նպաստաւոր առիթներ ալ կան:
- 0 Comments
- 78 views
- Tweet
Email
Print



