Յայտարարութիւններ ( 11 Հոկտեմբեր 2012 )
By adminx - Thu Oct 11, 6:30 am
- 0 Comments
- 333 views
- Tweet
Email
Print
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Կարապետ եւ Ալին Պօղոսեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Փիեռ եւ Մարի Հալլաճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արթին Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տիար Կարապետ Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազար Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժոզեֆ Գանթարճեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարիամ Ապպուտ եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ֆատել եւ Արշալոյս Խուրի եւ զաւակունք
Պօղոսեան եւ Գանթարճեան ընտանիքներ
Հալլաճեան եւ Եթերեան ընտանիքներ
Էլիասեան եւ Ապպուտ ընտանիքներ
Խուրի ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՆՈՅԵՄԶԱՐ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԳԱՆԹԱՐՃԵԱՆ, 1932-ին)
մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2012-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարւի այսօր` հինգշաբթի, 11 հոկտեմբերին կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ ուրբաթ, 12 եւ շաբաթ, 13 հոկտեմբերին, նոյն վայրին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:
Ծանօթ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել եկեղեցւոյ:
————————————————————————————–
«ԱՐՑԱԽ»-Ի ՖՈՆՏ
- Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Տէր եւ տիկին Սուրէն Սարգիսեան 1000$
Օրդ. Թալին Կոնճեան 600$
————————————————————————————–
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Իրերայաջորդ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն, բարոյական արժէքներ եւ կրթութիւն ջամբելու Ազգային վարժարաններու առաքելութեան եւ անփոխարինելի դերակատարութեան խորապէս գիտակից հայ աշակերտին քայլերը ամրապնդելու նպատակով 2002-ին հիմնուած «Սեպուհ Շահպազեան» կրթական ֆոնտը 2012-2013 կրթական տարեշրջանին նաեւ պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` կրթանպաստ յատկացնելով Ազգային նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարան յաճախող աշակերտներու:
Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ «Սեպուհ Շահպազեան» կրթական ֆոնտէն օգտուիլ փափաքող մեր աշակերտներուն ծնողներէն կը խնդրուի ներկայանալ իրենց զաւկին յաճախած Ազգային վարժարանի քարտուղարութեան, երկուշաբթի, 15 հոկտեմբերէն մինչեւ ուրբաթ, 19 հոկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:00-էն 13:00, անհրաժեշտ տուեալներով` ամբողջացնելու համար իրենց տրամադրելի դիմումնագիրները:
Վստահ ենք, որ «Սեպուհ Շահպազեան» կրթական ֆոնտի վերահաստատումը խորապէս պիտի գնահատուի Ազգային վարժարաններու աշակերտներուն ծնողներուն կողմէ:
«ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ»
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2012-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի համա- լսարանաւարտ փայլուն ուսանող`
ՎԱՂԱՄԵՌԻԿ ՍԵՊՈՒՀ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆի
մահուան ԺԱ. տարելիցին առիթով:
Հոգեհանգստեան արարողութեան պիտի նախագահէ Լիբանանի թեմի բարեջան առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
————————————————————————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՍՕՍԻ ՊՈՅԱՃԵԱՆ – ՊՉԱՔՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2012-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՄԱՆՈՒԷԼ ԵՈՒՍԵՖ ՄՈՄՃԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատար- ւի կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2012-ին, Հըրշ Թապեթի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին:
————————————————————————————–
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ
ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ
Այսու ուրախութեամբ կը յայտնենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 14 հոկտեմբեր 2012-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ` կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով:
Ս. պատարագին պիտի մասնակցին կիրակնօրեայ վարժարաններու տեսչական եւ ուսուցչական կազմերը: Ս. պատարագի աւարտին հոգեհանգըստեան պաշտօն պիտի կատարուի թեմիս կիրակնօրեայ վարժարաններուն մէջ ծառայած եւ ի Տէր հանգչած բոլոր սպասաւորներուն համար:
Կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագի հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԹԵՄԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ
Հովանաւորութեամբ`
ՊՐՆ. ՎՐԷԺ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆԻ
(Ճարտարարուեստի նախարար)
Կը ներկայացնէ
ԳԱԳԻԿ ՂԱԶԱՆՃԵԱՆ եւ ԼԻԼԻԹ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ
Բացում` չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 նոյեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:
————————————————————————————–
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղ-Պէյրութ
Մենակատարութիւն (Ուան Մեն Շօ)
Փիեռ Շամմասեան – 17 նոյեմբեր 2012 – «Վասպուրական» սրահ:
————————————————————————————–
ԿԵՍԱՐԻՈՅ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ
ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ՍԱՆԵՐՈՒ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Այս տարեշրջանի արձանագրութիւնները, նախկին եւ նոր սաներու համար, պիտի կատարուին երեք շաբաթ օրերու վրայ 13 եւ 20 եւ 27 հոկտեմբերին, ժամը 2:00-էն 6:00, կէսօրէ ետքերը, միութեանս տան մէջ` Զալքա, «Հարուն» հիւանդանոցին դիմաց, հեռ. 01/875765:
Կարեւոր: Այս թուականներէն ետք դիմումները նկատի պիտի չառնուին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————————————————————–
ՊԱՍԻ ՎԱՐԻՉ Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Դպրոց մը իր սեփական մինի պասին համար կը փնտռէ պասի փորձառու վարիչ մը, որ լիբանանահըպատակ պէտք է ըլլայ: Հեռաձայնել 01-340811 թիւին, երկուշաբթիէն ուրբաթ առաւօտեան ժամը 9:00-10:00 եւ կէսօրուան ժամը 11:30-2:00:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ ՀՈՂԱՇԵՐՏ
Այնճար: 4500 քառ. մեթր տարածութեամբ:
Գետեզերք: Ուռենիներու զբօսայգիով, ձուկի բուծարանով, երկու փոքր լողաւազանով` շրջապատուած կանաչազարդ խոտով: Կուպրապատուած ճամբայ: Ըմպելի ջուրը եւ ելեկտրականութեան հոսանքը` ներառեալ:
Հեռ. 03-387439, 03-247807
————————————————————————————–
ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԴԱՍԵՐ
Նախակրթարանի դասարաններու աշակերտներուն: Հեռ: 04-713466 եւ 76-454230:
————————————————————————————–
ԾԱԽՈՒ Է
Յարկաբաժին մը` Մզհերի մէջ, 165 քառ. մեթր, 3 սենեակ:
Հեռ. 03-612726:
————————————————————————————–
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Իրաւաբանական գրասենեակի համար երիտասարդ քարտուղարուհի մը. պայման է արաբերէն տպել եւ filing կատարել գիտնալ: Հեռ. 03-841138:
————————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ
17 Հոկտեմբեր 2012
14 Նոյեմբեր 2012
21 Նոյեմբեր 2012
18 Դեկտեմբեր 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւն
ՃԵՄԱՐԱՆԱԿԱՆԻ ՕՐ
20 հոկտեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ- ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
3 նոյեմբեր, 2012
—————————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն
30 նոյեմբեր 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
24 ՆՈՅԵՄԲԵՐ, 2012
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
22 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ, 2012
- 0 Comments
- 333 views
- Tweet
Email
Print



