Tuesday May 21, 2013

Ռոպեր Ապու Ապտալլա Ներկայացուց Իր Ծրագիրը Եւ Պաշտօնապէս Առաջադրեց Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահը Ըլլալու Իր Թեկնածութիւնը

By adminx - Thu Oct 11, 6:00 am

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 հոկտեմբերին, «Տըրուանտի» ճաշարանին մէջ (Այն Մրայսէ) տեղի ունեցած յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ եւ քեսրուանեան ակումբներու համախմբումի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա ներկայացուց ընտրական իր ծրագիրը եւ պաշտօնապէս առաջադրեց Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն նախագահը ըլլալու իր թեկնածութիւնը:

Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան լիբանանցի մեծաթիւ լրագրողներ, որոնք լսեցին Ապու Ապտալլայի 12 էջնոց ծրագիրի փոքր գրքոյկին ընդմէջէն անոր ներկայացուցած գաղափարները, նպատակները եւ որոշ փոփոխութիւններ կատարելու յանձնառութիւնը` ֆետերասիոնին ընտրութիւններէն ետք:

Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ պատրաստ է գործակցելու բոլոր թեկնածու ներկայանալիք անձերուն հետ, որոնք ալ ըլլան անոնք, ինչպէս նաեւ բոլոր ակումբներուն եւ միութիւններուն հետ` նկատի ունենալով, որ բաւական սերտ կապեր ունենալով բոլորին հետ, պատրաստ է սկսելու բանակցութիւններու` աշխատելով Լիբանանի շահերուն համար:

Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուած բոլոր լրագրողներուն` ըսելով, որ անոնց շնորհիւ է, որ իր անկեղծ բարեկամութեան ձեռքը հասանելի պիտի ըլլայ բոլորին անխտիր:

PROFOTO

 

Leave a Reply

Advertisement