Կիրօ Մանոյեան Կ՛անդրադառնայ Հայաստան-Թուրքիա Արձանագրութիւններու 3-ամեակին
By adminx - Thu Oct 11, 7:48 am
- 0 Comments
- 129 views
- Tweet
Email
Print
ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան երէկ «Ուրբաթ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան -Թուրքիա արձանագրութիւններուն ստորագրութենէն երեք տարի ետք ՀՅԴ-ն չէ փոխած իր տեսակէտը եւ կը կարծէ, որ բաւարար ժամանակ անցած է, որպէսզի Հայաստանի իշխանութիւնները հասկնան իրենց սխալը եւ դադրեցնեն անոնց գոյութիւնը, քանի որ անկէ միայն Թուրքիան կը շահի: Ան յստակացուց, որ թէեւ արձանագրութիւններուն շուրջ որեւէ աշխատանք չի տարուիր, սակայն անոնք կան եւ կենդանի իրաւական փաստաթուղթ են, որոնցմէ կ՛օգտուի միայն Թուրքիան:
Կիրօ Մանոյեան նշեց, որ արձանագրութիւններու առկայութիւնը ոչ միայն վնաս կը հասցնէ Հայաստանին, այլ նաեւ օգուտ կը բերէ Թուրքիոյ: Անդրադառնալով Ստեփանակերտի օդակայանին հետ կապուած Թուրքիոյ վերջերս կատարած յայտարարութեան` ան նշեց, որ ներկայ վիճակին մէջ Թուրքիան անկէ կը շահի` Արցախի հարցին մէջ միջամտելու երկարամեայ քաղաքական նպատակ ունենալով:
Թուրքիա արդէն կը մեղադրէ Հայաստանը, թէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկումը շրջանին մէջ լարուածութիւն յառաջ պիտի բերէ: Թուրքիա նոյնիսկ կը սպառնայ օդակայանի բացման պարագային միջամտելու:
Ան նշեց, որ Թուրքիա այս քայլով կը հակասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան, որուն համաձայն, որեւէ սպառնալիք չի կրնար ըլլալ դէպի Հայաստան օդային քաղաքացիական թռիչքներուն համար:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի, արձանագրութիւններէն եթէ հայկական կողմը բան մը ստացաւ, ատիկա այն էր, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ընկալուեցան իբրեւ լաւ գործընկեր, ինչ որ նոյնպէս նոյն այդ միջազգային կառոյցներուն շահերէն կը բխի:
Ստորագրութիւնը յետս կոչելով Հայաստան պիտի չկորսնցնէ լաւ գործընկեր ըլլալու իր կարգավիճակը: Մանոյեան նաեւ շեշտեց, որ արձանագրութիւններէն Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելը շրջանի կայունութեան որեւէ ձեւով չի վնասեր:
Դաշնակցական գործիչը նաեւ յստակացուց, որ Դաշնակցութիւնը ոչ թէ առհասարակ դէմ է, որ Հայաստան շրջափակումէն դուրս գայ, այլ դէմ է, քանի որ ատիկա պէտք է կատարուի որոշ բանի մը հաշուոյն:
Կիրօ Մանոյեան յայտնեց, որ Ալիեւ խելքը չէ կորսնցուցած, որպէսզի զինուորական քայլի ձեռնարկէ Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման հետ կապուած: Ան նշեց, որ սպառնալիքները իրականութեան չեն համապատասխաներ եւ հերթական սպառնալիքներու շարքէն է, որ Թուրքիա կրնայ փակել օդային սահմանը: Ըստ Մանոյեանի, Ստեփանակերտի օդակայանի բացումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծումին նպաստող ազդակ է:
Ինչ կը վերաբերի Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, Կիրօ Մանոյեան յոյս յայտնեց, որ Վրաստանի նոր իշխանութիւնները պիտի յաջողին լուծել Ջաւախքի խնդիրները:
«Յատկանշական է, որ Վրաստանի անկախացումէն ի վեր իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ խաղաղ, սովորական ընթացակարգով: Մեզի համար կարեւոր է այս նոր իշխանութիւններու նախընտրական շրջանին իրենց բաւական զուսպ ելոյթները Ջաւախքի մասին. պէտք է ըսել, որ աւելի դրական յոյս ներշնչելու հիմք կար, քան գործող նախագահի քաղաքականութեան մէջ», ընդգծեց Մանոյեան:
Դաշնակցական գործիչը նշեց ներքաղաքական կեանքին վերաբերող հարցերէն մէկը, այն, որ Վարդան Օսկանեանի առաջադրուած մեղադրանքը եւ այդ քրէական գործը երկրին միջազգային հեղինակութեան վրայ վատ կ՛ազդէ:
- 0 Comments
- 129 views
- Tweet
Email
Print




