Գագիկ Ծառուկեան Օսկանեանի Հարցը Քննարկեց Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ
By adminx - Thu Oct 11, 7:46 am
- 0 Comments
- 152 views
- Tweet
Email
Print
Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի հետ:
Հանդիպման շրջագիծին մէջ կողմերը զրուցեցին Հայաստանի արտաքին, ներքին քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան վերաբերող շարք մը նիւթերու շուրջ:
Անդրադառնալով Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար, Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը անձեռնմխելիութենէ զրկելու վերաբերեալ հարցին` Ճոն Հեֆըրն ընդգծեց, որ խիստ մտահոգուած է կատարուածով եւ ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւի բոլոր զարգացումներուն:
Ըստ դեսպանին, ասիկա լուրջ հարուած է արդարադատութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներուն: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեային կը մտահոգէ նաեւ այն փաստը, որ նմանօրինակ գործողութիւններ կ՛իրականացուին յատկապէս Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն նախորդող ժամանակաշրջանին:
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Ճոն Հեֆըրն յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կատարեն գործառոյթները եւ ապահովեն օրէնքի գերակայութիւնը այս հարցի լուծման գործին մէջ:
«Իմ յանձնարարութեամբս գործը ուսումնասիրուեցաւ լաւագոյն իրաւաբաններու կողմէ, որոնք հաստատեցին Վարդան Օսկանեանի դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքներուն անհիմն ըլլալը: Կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի նիստին ընթացքին ես անձամբ յանձնարարած եմ խմբակցութեան պատգամաւորներուն խիստ եւ սկզբունքային յայտարարութիւններ կատարել», դեսպանին յայտնեց Գագիկ Ծառուկեան եւ շեշտեց, որ պիտի ըլլայ հետեւողական, որպէսզի գործը անաչառ քննութիւն ունենայ եւ այդ առնչութեամբ առարկայական որոշում տրուի:
- 0 Comments
- 152 views
- Tweet
Email
Print



