Friday May 24, 2013

Հայաստանի Կառավարութիւնը Չի Շտապեր Շնորհաւորել Վրաստանի Ընտրութիւններուն Յաղթողին

By adminx - Thu Oct 11, 7:44 am

Վրաստանին մէջ 1 հոկտեմբերին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն առիթով Հայաստանէն շնորհաւորական ուղերձներ  յղեցին միայն Հայ ազգային քոնկրեսի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեան ու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեան: Իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը տակաւին չի շտապեր շնորհաւորանքներ յղել` սպասելով նոր կառավարութեան ձեւաւորման:

«Երբ Վրաստանի մէջ կազմուի նոր կառավարութիւն, այն ժամանակ ալ պիտի ըլլայ պաշտօնական շնորհաւորանքը», «Երկիր»-ի հարցումին պատասխանելով` պարզաբանեց Հայաստանի վարչապետի մամլոյ բանբեր Յարութիւն Պէրպէրեան:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ շնորհաւորած նաեւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիին` ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ կայացնելու առիթով:

Յիշեցնենք, որ այդ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք Վրաստանի մէջ յաղթեց ընդդիմութիւնը, իսկ ընտրութիւններէն ետք Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի յայտարարեց, որ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը պատրաստ է շարունակելու քաղաքական գործունէութիւնը` իբրեւ ընդդիմութիւն:

 

Leave a Reply

Advertisement