Wednesday May 22, 2013

Ազգային Շարժապատկերի Տարեկան Հայակ Մրցանակաբաշխութիւնը

By adminx - Thu Oct 11, 7:13 am

Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ իրականացուեցաւ ազգային շարժապատկերի տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը` ՀԱՅԱԿ, որ հայ շարժապատկերի մարզին մէջ աշխատողներու ստեղծագործութիւններուն մրցումն է եւ կ՛ընդգրկէ նախորդ տարուան ընթացքի նկարահանուած հայկական ժապաւէնները: Տարին մէկ անգամ դատական կազմի ընտրութեամբ լաւագոյնը ճանչցուածներու կը յանձնուի ՀԱՅԱԿ մրցանակը:

ՀԱՅԱԿ մրցանակաբաշխութիւնը նպատակ ունի նպաստելու հայկական ազգային շարժապատկերի մշակոյթի զարգացման ու տարածման աշխարհին մէջ, հայկական շարժապատկերի հզօրացման եւ խթանելու հայ երիտասարդ եւ աւագ սերունդի շարժապատկերի մարզին մէջ աշխատողներու գործունէութիւնը:

Յաջորդ ՀԱՅԱԿ մրցանակաբաշխութիւնը կը նախատեսուի իրականացնել 2013 թուականի ապրիլին` այս անգամ ընդգրկելով ինչպէս Հայաստանի արտադրութեան եւ հայաստանցի բեմադրիչներու նկարահանած ժապաւէններ, նոյնպէս ալ սփիւռքահայ բեմադրիչներու նկարահանած եւ եւ հայկական նիւթերով օտարազգի բեմադրիչներու նկարահանած ժապաւէններ:

«ՀԱՅԱԿ 2013» մրցանակաբաշխութեան մասնակցութեան դիմում կարելի է ներկայացնել 1 նոյեմբերէն մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2012` դիմումին կցելով ժապաւէնին «Տի.Վի.Տի» խտասկաւառակը, հակիրճ բովանդակութիւն, բեմադրիչին կենսագրութիւնը: Մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալու համար կարելի է այցելել www.hayak.am կայքէջը:

Leave a Reply

Advertisement