Saturday May 25, 2013

Պըրրիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Բագրատունի. «Պէտք Է Ապահովուի Իւրաքանչիւր Համայնքի Արդար Ներկայացուցչութիւնը

By adminx - Thu Oct 11, 7:49 am

Բագրատունի եւ Պըրրի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Այն Թինէ, ուր երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Խօսակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային եւ լիբանանեան անցուդարձերուն, ինչպէս նաեւ սուրիական տագնապին գծով լիբանանեան կողմերու կեցուածքներուն վրայ:

Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ ընտրական նոր օրինագիծ մը վաւերացնելու հարցը, ուր մերժելի է վերադառնալ անցեալի 1960-ի կամ Տոհայի օրէնքին եւ անհրաժեշտ է ապահովել բոլոր կողմերուն արդար ներկայացուցչութիւնը:

Հանդիպումի աւարտին, լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով Բագրատունի ըսաւ. «Խորհրդարանի նախագահին հետ նախ եւ առաջ քննարկեցինք երկրի քաղաքական եւ ապահովական խնդիրները: Այս ուղղութեամբ Պըրրի հաստատեց, որ ներկայ դրութիւնը կարելի է նկատել կայուն եւ բոլոր լիբանանցիներուն` թէ՛ քաղաքական կողմերուն եւ թէ՛ քաղաքացիներուն գործակցութեամբ անհրաժեշտ է ամրապնդել այս կայունութիւնը»:

Ինչ կը վերաբերի ընտրական օրէնքին, Բագրատունի ըսաւ. «Պըրրի վերահաստատեց բազմիցս արտայայտած այն կեցուածքը, թէ ինք կողմնակից է որեւէ օրէնքի, որուն շուրջ բոլոր քրիստոնեաները կը համաձայնին նոյնիսկ եթէ այդ օրէնքը իր համոզումներուն դէմ ըլլայ: Արդար ներկայացուցչութեան համար կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել»:

Բագրատունի եզրակացուց. «Ինչ կը վերաբերի մեզի, մենք անհրաժեշտ կը նկատենք, որ օրէնքը ապահովէ ոչ միայն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը թէ իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն, այլ նաեւ իւրաքանչիւր համայնքի, որ ապահովուի համայնքի արդար ներկայացուցչութիւն` առանց այս կամ այն համայնքի գերակշռութեան վճիռին»:

Տեսակցութիւն Նաեւ
Բանակի
Հրամանատարին Հետ

Աւելի կանուխ, Բագրատունի այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Տեսակցութեան ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձաւ երկրի ապահովութեան վիճակը եւ այդ ուղղութեամբ բանակին վստահուած դերակատարութիւնը: Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը իւրաքանչիւր քաղաքացիի վստահութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչող այն հաստատութիւնն է, որ պէտք է հեռու պահել քաղաքական հաշիւներէ եւ պարանաձգութենէ:

Leave a Reply

Advertisement