Հաթեմ Մատի` Ընդհանուր Դատախազ, Իսկ Ժան Ֆահըտ` Դատական Իշխանութեանց Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահ
By adminx - Thu Oct 11, 7:37 am
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ, զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետին հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց 72 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն շրջագիծին մէջ ան համախոհութեամբ կատարեց շարք մը պետական նշանակումներ, որոնց շրջագիծին մէջ դատաւոր Հաթեմ Մատի նշանակուեցաւ ընդհանուր դատախազ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ` Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահ:
Այս նշանակումներուն կողքին կառավարութիւնը Կարգապահական խորհուրդի նախագահ նշանակեց դատաւոր Մարուան Ապպուտը, խորհուրդի անդամ նշանակուեցան Իվեթ Անթունը եւ խորհուրդին մէջ կառավարութեան ներկայացուցիչ նշանակուեցաւ Ալի Սարհալը:
Այս նշանակումներուն շարքին դատաւոր Ֆաուզի Խամիս նշանակուեցաւ Պետական հաշուեքննիչ մարմինի ընդհանուր դատախազ, Ալի Ահմար` կրթական հարցերու ընդհանուր քննիչ, Ֆաթեն Ժումաա` Պետական պաշտօնէութեան հարցերու կեդրոնական քննիչ մարմինի ընդհանուր քննիչ եւ Հուսամէտտին Քպայթեր` Ռաշիտ Քարամէի անուան համալիրի ընդհանուր տնօրէն:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման կառավարութեան ներկայացուցած է լատինամերիկեան երկիրներ իր կատարած այցելութիւններուն արդիւնքները:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ երեքշաբթի, 16 հոկտեմբերին, վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ իր ընթացիկ նիստը:
Ան աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը պիտի գումարէ նաեւ այլ նիստ մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 17 հոկտեմբերին, դարձեալ նախագահական պալատին մէջ` քննարկելու համար պետական մարզի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն ամսականներու յաւելումի աստիճաններու ճշդումը:
Պէտք է նշել, որ վարչապետ Միքաթի պատկերասփիւռի կայանէ մը կատարած իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ հակառակ իր կառավարութիւնը քաղաքական թիրախի վերածելու փորձերուն, կառավարութիւնը հանգիստ կը զգայ:
«Հակառակ քաղաքական հարուածներուն, մենք կը շարունակենք գործել, իսկ Լիբանանի տնտեսութիւնը կը շարունակէ մնալ իր աշխուժ իրավիճակին մէջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ապա լրջօրէն կը քննարկուի Ֆուատ Պութրոսի ընտրական ծրագիրը վերաշխուժացնելու կարելիութիւնը», աւելցուց վարչապետ Միքաթի:
Սենտիքայական Աշխատանքները Համակարգող
Խորհուրդի Բազմամարդ Ցոյց
Միւս կողմէ, Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ կրթութեան նախարարութեան կեդրոնէն սկսաւ իր բողոքի ցոյցին` պահանջելով կառավարութենէն գործադրել իր խոստումները:
Լիբանանցիներուն երկու երրորդին արդար պահանջը արտայայտող այս ցոյցին մասնակցեցան հազարաւոր ուսուցիչներ եւ պետական մարզի պաշտօնեաներ:
Ցոյցին մասնակիցները հասան մինչեւ վարչապետարան, ուր անոնց անունով խօսք առաւ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ, որ շեշտեց, թէ գործատէրերուն կողմէ պետական գանձարկղին մէջ արձանագրուած նիւթական բացը պատճառաբանելը ամօթ է:
«Դո՛ւք էք, որ պատճառեցիք բոլոր այս հարցերը, եւ մեր ստանալիք բոլոր յաւելումները շատ աւելի քիչ են, քան այն գումարը, որ տարեկան դրութեամբ կը յատկացուի ելեկտրական ընկերութեան արձանագրած նիւթական բացը գոցելու», ըսաւ ան:
Ղարիպ շեշտեց, որ պետական մարզի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն ամսականներու յաւելումի աստիճաններու ճշդումը ուշացնող կողմերը պատասխանատու են Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող այս խորհուրդին կողմէ որդեգրուելիք մագլցողական քայլերուն: «Մենք կը միտինք գործադուլներ, նստացոյցեր, բողոքի ցոյցեր եւ բաց գործադուլ կատարել` անդամալուծելով պետական մարզը», շեշտեց Ղարիպ:
Իր կարգին, Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին հաստատեց, որ 13 ամիս ետք տրամաբանական չէ, որ ան տակաւին յապաղում արձանագրէ պետական մարզի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն ամսականներու յաւելումի աստիճաններու ճշդումին մէջ եւ մնայուն կերպով անդրադառնայ այդ յաւելումները ֆինանսաւորելու աղբիւրներուն մասին:
«Սենտիքաներուն աշխատանքները համակարգող խորհուրդին կողմէ տրուած բոլոր խոստումներուն գործադրութենէն ետք, քննութիւններուն սրբագրութենէն եւ սովորական ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելէ ետք, վարչապետ Միքաթի ոչ մէկ խոստում գործադրած է», ըսաւ Մահֆուտ:
Պետական մարզի պաշտօնէութեան լիկայի նախագահ Մահմուտ Հայտար նշեց, որ կառավարութիւնը հրաւիրուած է ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները եւ պահպանելու իր վստահելիութիւնը` գործադրելով իր բոլոր խոստումները:
Ժրայսաթի Կը Դատապարտէ
Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութիւնը նեղացած է Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդին կազմակերպած ցոյցէն, որովհետեւ այս պայմաններուն ներքեւ ան անտեղի կը նկատէ նման քայլերու գործադրութիւնը։
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print





