Նախագահ Սլէյման Կը Մերժէ Երկարաձգել Իր Նախագահութեան Նստաշրջանը
By adminx - Thu Oct 11, 7:35 am
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմանները պարտադրած են իրեն, որ երկրին կեցուածքները աւելի յստակ կերպով յայտարարէ:
Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ ինք նախքան հանրապետութեան նախագահ ընտրուիլը եւ նախագահ դառնալէ ետք նոյն կեցուածքներն է, որ կ՛արտայայտէ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանան իր սահմանադրութիւնը առանձինն պէտք է գործադրէ` աւելցնելով, որ Թաէֆի սահմանադրութիւնը պահպանելու համար պէտք է մշակել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ կը պահպանէ զայն:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանին համար մշակել ընտրական արդի օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովէ լիբանանեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր շերտերուն համար:
Նախագահ Սլէյման մերժեց երկարաձգել իր նախագահութեան նստաշրջանը:
Ան ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ շրջանային զարգացումներուն եւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքին:
Ակնարկելով Լիբանանի մէջ օգտագործուող զէնքին` նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ պէտք է ապազինել բոլոր անոնք, որոնք Լիբանանի դէմ իրենց զէնքը կ՛օգտագործեն, «եւ այս կեցուածքը ոչ մէկ կապ ունի Լիբանանի պաշտպանութեան ազգային ռազմավարութեան հետ», ըսաւ նախագահ Սլէյման:
- 0 Comments
- 41 views
- Tweet
Email
Print



