Thursday Jun 20, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Thu Oct 11, 7:30 am

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պատկերասփռուած ճառով մը պիտի անդրադառնայ Իսրայէլի վերեւ թռչած հետախուզական օդանաւին եւ այլ իրադարձութիւններու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա կոչ ուղղեց իշխանութեան երեք պետերուն, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի եւ այլ անձնաւորութիւններու` դիմելու այնպիսի նախաձեռնութիւններու, որոնք Հըզպալլան կը մղեն դադրեցնելու Սուրիոյ տագնապին իր մասնակցութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ առիթ տայ  արտերկրի լիբանանցիներուն 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշակած է ծրագիր մը, որուն հիման վրայ արտերկրի լիբանանցիները կրնան մասնակցիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան անցուդարձերը եւ Սուրիոյ տագնապին զարգացումները: Զասպիքին դրուատեց Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքը:

ՌԱՍ Նաքուրայի մէջ, հովանաւորութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի, գումարուեցաւ զինուորական նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի եւ իսրայէլեան ուժերու ներկայացուցիչներ: Քննարկուեցան Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կապուած խնդիրներ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ երէկ պատասխանելով Սուրիական ազատ բանակի այն սպառնալիքին, թէ իրենք Սուրիոյ տագնապը Պէյրութի հարաւային արուարձաններ պիտի փոխադրեն, ըսաւ. «Նման սպառնալիք մը կ՛ուղղուի միայն իսրայէլեան Մոսատին կողմէ: Ան աւելցուց, որ երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի սպանութեամբ Հըզպալլան ամբաստանելու նպատակը ընտրական է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքին համաձայն, Հըզպալլայի դէմ մղուած պայքարը նախապէս ծրագրուած է եւ անիկա պէտք է դիտել ընտրական պազարին շրջագիծին մէջ:

«ՆԱՇՐԱ» կայքէջին համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով դրական տուեալներ արձանագրուած են:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած քաղաքական բոլոր սպանութիւնները համադրուած են Հըզպալլայի եւ սուրիական վարչակազմին կողմէ:

 

Leave a Reply

Advertisement