Թուրքիոյ Բանակի Հրամանատարը Կը Սպառնայ Սուրիական Կողմէն Արձակուած Հրթիռներուն «Նախկինէն Շատ Աւելի Ուժեղ Կերպով» Հակադարձել
By adminx - Thu Oct 11, 7:28 am
- 0 Comments
- 65 views
- Tweet
Email
Print
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ իրադարձութեանց նկատմամբ իր երկրին կեցուածքը բարոյական եւ իրաւական պատճառներով պիտի չփոխուի: Ան ըսաւ, որ սուրիական վարչակարգը քաղաքներ եւ գիւղեր, ինչպէս նաեւ երկրին վրայ իսլամական քաղաքակրթութեան գոհարներէն նկատուող շէնքեր գետնի հաւասար ըրաւ:
«Մենք բացարձակապէս չենք ջանար Սուրիոյ հարցերուն միջամտել եւ մեր քաղաքականութիւնը այդպիսի քաղաքական վարմունք չ՛օգտագործեր: Մեր ուզածը այն է, որ մեր կողքին ուժեղ Սուրիա մը ըլլայ. մեր նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման տիրումն է»:
Երէկ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նեճտեթ Էօզել 4 հոկտեմբերին սուրիական կողմէ արձակուած հրթիռներու թիրախ դարձած Աքչաքալէ գիւղ տուած իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ «աւելի ուժեղ հակադարձութեամբ» սպառնաց եւ ըսաւ, որ «հակադարձեցինք (սուրիական հրթիռարձակումներուն), եւ եթէ շարունակեն, ապա նախկինէն շատ աւելի ուժեղ կերպով պիտի հակադարձենք»:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Սուրիոյ հարցով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եան Ցզեչիի հետ:
«Անատոլու»` յղում կատարելով դիւանագիտական աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Քլինթըն մտահոգութիւն յայտնած է վերջին օրերուն թուրք-սուրիական սահմանին վրայ տեղի ունեցած զարգացումներուն նկատմամբ: Ան նշած է, որ իրենք կ՛աջակցին եւ պիտի շարունակեն աջակցիլ ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ Թուրքիոյ պաշտպանութեան համար իրականացուելիք քայլերուն:
Չին գործընկերոջ հետ զրոյցի ընթացքին Տաւութօղլու Աքչաքալէի միջադէպին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ հաղորդած է:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնած է եւ տեղեկացուցած, որ իրենք ուշադրութեամբ կը հետեւին սահմանային զարգացումներուն եւ պատրաստ են յաւելեալ սերտ կապի մէջ ըլլալ` խնդիրները քննարկելու համար:
Դիւանագիտական աղբիւրներ լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ փոխանցած են, որ Սուրիոյ հետ զինուորական ճակատումներու ծիրը պէտք չէ ընդլայնել, որովհետեւ եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ, ՕԹԱՆ իր ուխտին 5-րդ յօդուածին հիմամբ ինքնաբերաբար այդ ճակատումին մէջ կը ներքաշուի: 5-րդ յօդուածը կը նշէ, որ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներէն մէկուն դէմ յարձակում մը բոլոր անդամներուն դէմ յարձակում կը նկատուի:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն յայտնած էր, որ ՕԹԱՆ անհրաժեշտութեան պարագային Թուրքիան պաշտպանելու միջոցառումները որդեգրած է` սակայն նշելով, որ «արբանեակներու ճամբով ամերիկացիներուն ի յայտ եկած է, թէ թրքական հողամասերուն վրայ ինկած հրթիռներուն ոչ բոլորը սուրիական կանոնաւոր բանակին կողմէ արձակուած են, ինչ որ կը նշանակէ, թէ այլ կողմ մը կը փորձէ սուրիական վարչակարգն ու թրքական կառավարութիւնը ներքաշել»: Աղբիւրները նաեւ նշեցին, որ «այն, ինչ որ երկու երկիրներուն սահմաններուն վրայ տեղի կ՛ունենայ, կը նպատակադրէ Իրանի դէմ Իսրայէլի ծրագիրներէն ուշադրութիւնը շեղել»:
Մինչ այդ, ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը ամերիկացի լաւատեղեակ պաշտօնատարներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ ամերիկեան բանակը բարձրաստիճան սպայի մը գլխաւորութեամբ 150 ամերիկացի զինուորներէ բաղկացած զինուորական ուժ մը գաղտնաբար Յորդանան ուղարկած է 180 հազարի հասնող սուրիացի գաղթականներու հարցով յորդանանեան բանակին օժանդակելու, ինչպէս նաեւ առ ի պատրաստութիւն քիմիական զէնքերուն վրայ Դամասկոսի վերահսկողութեան կորուստի եւ սուրիական տագնապի ընդլայնման հաւանականութեան:
Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ այդ զինուորներուն պարտականութիւնն է նաեւ Յորդանանը Սուրիոյ իրադարձութիւններէն պաշտպանել եւ ներկայիս թուրք-սուրիական սահմանին վրայ տեղի ունեցող դէպքերուն նման բախումներու առաջքը առնել:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա երէկ անուղղակի կերպով հաստատեց «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի հաղորդած տեղեկութիւնը, երբ յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ կացութեան հսկողութեան համար Թուրքիոյ եւ Յորդանանի հետ կը գործակցի:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի յայտնեց, որ Սուրիա ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն պահանջած է միակողմանի զինադադարի կոչ ուղղելէ առաջ պատուիրակներ ուղարկել «զինեալ խմբաւորումներուն» աջակցող երկիրներուն` Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ ու Քաթարի մօտ եւ անոնց պարտադրել բռնարարքները դադրեցնելու համար իրենց ազդեցութիւնը կիրարկել:
Նշենք, որ երէկ թրքական կործանիչներ սուրիական ճամբորդատար օդանաւի մը ստիպեցին խաղարկութեան համար Անգարայի մէջ էջք կատարել:
- 0 Comments
- 65 views
- Tweet
Email
Print



