Ըստ Տաւութօղլուի «Արաբական Գարուն»-ը Միջին Արեւելքը Վերադարձուց Իր Պատմական Կշիռին
By adminx - Thu Oct 11, 7:26 am
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնած է, որ «Միջին Արեւելքը «Արաբական գարնան» միջոցով արմատական փոխակերպումի ականատես դարձաւ»` նշելով, որ 2010-ին սկիզբ առած «Արաբական գարուն»-ը աշխատանք տարաւ «սրբագրելու աւելի քան ամբողջ դար մը երկարած պատմական ժամանակաշրջան մը:
«Յեղափոխութիւններու սկիզբէն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած դէպքերը պատճառ դարձան, որ անիկա իր պատմական բնական կշիռին վերատիրանայ», ըսած է Տաւութօղլու:
«Պատմական փոխակերպումն ու բնական կացութեան վերադարձը անպայման որոշ ցաւ կը պատճառէ, իսկ Միջին Արեւելքը պէտք է այդ մէկը հասկնայ եւ ատոր տոկայ, որպէսզի յեղափոխութիւններէն սպասուած արդիւնքին հասնի եւ շրջանը վերադառնայ իր պատմական բնական վիճակին», ընդգծած է Տաւութօղլու:
Ան վստահեցուցած է, որ Թուրքիա պիտի կանգնի արաբ ժողովուրդին կողքին, որ իր գարունը կերտեց ձգտելով ազատութեան եւ ապահովութեան: Ան նշեց, որ «Թուրքիա անդուլ կերպով արաբ երիտասարդներուն եւ Միջին Արեւելքի հետ պիտի աշխատի կառուցելու համար շրջան մը, ուր ժողովուրդներու համար բարգաւաճում եւ կայունութիւն կը տիրէ»:
- 0 Comments
- 53 views
- Tweet
Email
Print



