Փութին Թուրքիա Այցելութիւնը Յետաձգած Է
By adminx - Thu Oct 11, 7:25 am
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութիւնը յետաձգուած է: Անոր երկօրեայ այցելութիւնը նախատեսուած էր
14-15 հոկտեմբերին: Ռուսիոյ նախագահը այդ մասին հաղորդած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին: Այցելութիւնը հաւանաբար տեղի ունենայ նոյեմբերին:
Փութին Թուրքիոյ մէջ պիտի մասնակցէր Թուրքիա-Ռուսիա բարձր համագործակցութեան խորհուրդի նիստին, իսկ 16 հոկտեմբերին ան Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ պէտք էր մեկնէր Պաքու, ուր պիտի մասնակցէր տնտեսական համագործակցութեան վեհաժողովին:
- 0 Comments
- 49 views
- Tweet
Email
Print



