Wednesday Jun 19, 2013

Բրիտանիա Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Հանրաքուէ Պիտի Կատարէ

By adminx - Thu Oct 11, 7:21 am

Տէյվիտ Քամերուն

Բրիտանական «Տէյլի Էքսփրես» օրաթերթը` մէջբերելով Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնի խօսքերը, կը գրէ, որ Բրիտանիոյ համար եկած է ժամանակը որոշելու, թէ պէ՞տք է երկիրը շարունակէ Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ, թէ՞ ոչ:

Բրիտանիոյ վարչապետը կուսակիցներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ «համազգային հանրաքուէն առաւել արդար ու պարզ միջոցն է յստակացնելու Պրիւքսէլի նկատմամբ Լոնտոնի վերաբերմունքը»:

Ըստ անոր, Եւրոպան կը փոխուի, Եւրոյի գօտին կ՛երթայ համարկման ճամբով: «Կը կարծեմ, որ Եւրոյի գօտիին համար միացեալ դրամանիշը պահպանելու անհրաժեշտութեան պայմաններուն մէջ, ատիկա ճիշդ ընտրութիւն է», ըսած է պահպանողական վարչապետը:

Ըստ Քամերոնի, ներկայ իրավիճակին մէջ Բրիտանիոյ կարելիութիւն կ՛ընծայուի գտնել Եւրոպայի հետ փոխադարձ գործակցութեան նոր եւ լաւ որոշում: «Կը խոստանամ, որ յաջորդ ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու հոլովոյթին ընթացքին մենք կարելին կ՛ընենք, որպէսզի լուծումը գտնենք», ըսած է ան:

Օրաթերթը կը գրէ, որ կուսակցութեան հեղինակութեան նուազման եւ պահպանողականներու մրցակից Աշխատաւորական կուսակցութեան հեղինակութեան բարձրացման ենթահողին վրայ, համաձայնական կառավարութեան ղեկավարը առաջին անգամ հրապարակաւ խոստացած է, որ բրիտանացիները այլեւս չեն ուզեր Եւրոպական Միութեան մէջ մնալ:

Leave a Reply

Advertisement