Thursday May 23, 2013

Սկովտիա 2014-ի Աշնան Բրիտանիայէն Անկախանալու Շուրջ Հանրաքուէ Պիտի Կատարէ

By adminx - Thu Oct 11, 7:20 am

«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը,  վկայակոչելով բրիտանական կառավարութեան մէջ Սկովտիոյ հարցերով նախարար Տէյվիտ Մանտելը, կը յայտնէ, որ Սկովտիա մտադիր է Բրիտանիայէն անկախանալու վերաբերեալ հանրաքուէ կատարել 2014-ի աշնան:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նախարարը յայտնած է. «Լոնտոն Սկովտիոյ խորհրդարանը պիտի լիազօրէ կատարելու համար հանրաքուէ, որուն ընթացքին բնակչութեան պիտի առաջարկուի պատասխանել ընդամէնը մէկ հարցումի` պէ՞տք է արդեօք Սկովտիան մնայ Միացեալ Թագաւորութեան կազմին մէջ, թէ՞ պէտք է անկախանայ»:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ հանրաքուէն կատարուի 2014-ի աշնան», ըսած է ան: Ըստ անոր, երկար ամիսներու խորհրդակցութենէ ետք կողմերը վերջապէս կրցած են համաձայնիլ հանրաքուէի թուականին եւ ձեւաչափին վերաբերեալ:

Հանրաքուէի նախաձեռնողներու յաղթանակին պարագային Սկովտիա 2016-ին աւելի քան 300 տարի Բրիտանիոյ կազմին մէջ մնալէ ետք պիտի դառնայ ամբողջովին ինքնուրոյն պետութիւն:

Leave a Reply

Advertisement