50 Տարի Առաջ ( 11 Հոկտեմբեր 1962 )
By adminx - Thu Oct 11, 5:31 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
Հայկական Կեանք
Կարտինալ Աղաճանեան Կը Գլխաւորէ
Տիեզերական Ժողովի 750 Եպիսկոպոսները
«Մասիս»-ի մէջ կը կարդանք.-
Վատիկանեան Բ. կոչուած Տիեզերական ԻԱ. ժողովին շատ պատուաբեր կերպով կը մասնակցի հայ ազգը:
Հաւատոյ տարածման Ս. ժողովի 750 եպիսկոպոսները եւ վիճակաւորները կը գլխաւորէ հայազգի կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան:
Հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը ներկայ է, գրեթէ լրիւ, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան` կաթողիկոս-պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ, Պօղոս արք. Քիրեճեան (Կ. Պոլսոյ), Ներսէս արք. Թայրոյեան (Պաղտատի), Գէորգ արք. Լայէքեան (Հալէպի), Կիւրեղ եպս. Զոհրապեան (ատենօք` Ճեզիրէի), Մկրտիչ եպս. Աբգարեան (Իրանի), Յովսէփ եպս. Ճեննանճեան (Ճեզիրէի), Ռաֆայէլ եպս. Պայեան (Աղեքսանդրիոյ), Կարապետ եպս. Ամատունի (Ֆրանսայի), Սրապիոն եպս. Ուլուհոճեան (աբբահայր Վենետիկի):
Հիւանդութեամբ ներկայիս արգիլուած են, բայց առաջին առիթին պիտի մասնակցին Սահակ եպս. Կոգեան եւ Մեսրոպ Հապոզեան վիեննական աբբահայրը:
Կոգեան Եպս. Հիւանդ
Ինչպէս ծանօթ է, երկու շաբաթ առաջ Սահակ եպս. Կոգեան` պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոսը, յանկարծական կերպով հիւանդացաւ Պոլսոյ մէջ, ուրկէ կ՛անցնէր Հռոմ երթալու համար:
Բժիշկները իրեն պարտադրած են մէկ ամսուան բացարձակ հանգիստ: Երէկ ստացուած նամակի մը համաձայն, Սահակ եպս. Կոգեանի առողջական վիճակը մեծապէս բարւոքած է եւ կը յուսայ, որ երկու-երեք շաբաթէն ի վիճակի կ՛ըլլայ Պէյրութ` իր հօտին մօտ վերադառնալու:
Էջմիածնի Ժողովը Որոշած Է Նորոգել
Կարգ Մը Վանքեր
Էջմիածնի ժողովը, ի միջի այլոց, պատրաստած է շինարարական յայտագիր մը, որուն համաձայն, որոշուած է վերանորոգել Խոր Վիրապի վանքը, որ հայկական ճարտարապետութեան ամէնէն հին կոթողներէն մին է եւ կը գտնուի պատմական Հայաստանի մայրաքաղաք Արտաշատի մօտ: Պատմական տուեալներու համաձայն, հոն էր, որ 15 տարի բանտարկուած մնաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ որոշեց Ս. Էջմիածնի վայրը:
Ծրագրուած է նաեւ կարգ մը շինարար աշխատութիւններ Գեղարդի եւ Այրիվանքի մէջ: Պիտի վերանորոգուին վանքն ու անոր ծառերուն մէջ փորուած գետնուղիները: Պիտի նորոգուի Դիլիջանի մօտ գտնուող Հաղարծին վանքին ճաշարանը:
Նկատի առնուած է նաեւ ամարանոցի մը կառուցումը` Ամենայն հայոց կաթողիկոսին համար:
Լուսինը Եւ Արարատը
«Լուսնին երգը» խորագիրով եւ «Մեղու» ստորագրութեամբ յօդուածը, զոր «Յառաջ» հրատարակեց իր սեպտեմբեր 21-ի թիւին մէջ, կը յիշեցնէ միջադէպ մը, որուն արձագանգ եղաւ, վեց տարի առաջ, փարիզեան «Ֆիկարօ Լիթերեր» շաբաթաթերթը:
Ըստ պատմուածքին, օրին մէկը Խ. Հայաստանէն դիւանագիտական առաքելութիւն մը Անգարա կ՛այցելէ: Ըստ միջազգային ընկալեալ սովորութեան, այդ պատուիրակութեան իջեւանած պանդոկին ճակատը կը պարզուի Խորհրդային Հայաստանի դրօշակը, դրօշակ մը` որու վրայ մուրճին եւ մանգաղին քով, ներկայացուած է Արարատը:
Իսկոյն Անգարա թթու բողոքագիր մը կ՛արձակէ դէպի Մոսկուա, «Կը զարմանանք,- կ՛ըսէ բողոքագիրը,- որ Արարատը պատկերացուած է խորհրդային դրօշակի մը վրայ: Արարատը թրքական լեռ մըն է` ազգային դիւրազգացութեան տեղիք մը: Մի՞թէ աչք ունիք անոր վրայ…»:
Մոսկուա յայտնօրէն խաղաղասիրութեան ախոյեան է…: Եւ իր «հանդարտեցուցիչ» պատասխանը չուշացաւ…
«Ինչո՞ւ կը վրդովիք,- դիտել կու տայ Մոսկուա: Ինչո՞ւ մեզի կը վերագրէք մութ նպատակներ: Խնդիրը պարզ է… Արարատը Հայաստանէն կը տեսնուի: Տեսարանը հիանալի է եւ արժանի` դրօշակ մը զարդարելու: Եթէ մենք ալ ձեզի պէս կասկածամտութեամբ տրամաբանէինք, մտահոգութեան առիթ պիտի ունենայինք` մահիկ մը տեսնելով թրքական դրօշակին վրայ…», եւ ձեւական միամտութեամբ կ՛աւելցնէր` «Սակայն երբեք խորհրդային ժողովուրդը չէ ենթադրած, թէ հողային յաւակնութիւններ կը սնուցանէք լուսնին վրայ»:
Վեց տարի առաջ Քրեմլինի պատասխանը հեգնանք էր: Բայց այսօր, շնորհիւ լուսագնաց խորհրդային հրթիռի մը, մուրճն ու մանգաղը դրոշմուեցան լուսնին վրայ եւ երկու խօսակիցներուն միջեւ տուր եւ առ մը կրնայ նկատի առնուիլ:
Թող լուսինը յանձնուի մահիկապաշտին, իրեն յարմար անապատ մըն է եւ տասը դար վերջը նոյն անապատը կը մնայ:
Անոր փոխարէն` Արարատը թող իր իսկական տիրոջը վերադարձուի: Եւ տասը տարիէն` այժմ ամայութեան եւ անապատութեան մատնուած Արարատեան դաշտը, կրկին կը դառնայ երկիր դրախտավայր…:
Վ. ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԵԱՆ
«Յառաջ»
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print



