Բարգաւաճ Հայաստանի Պատգամաւորները Պատրաստ Են Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Իրենց Տեղը Օսկանեանին Զիջելու
By adminx - Wed Oct 10, 7:48 am
- 0 Comments
- 156 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւորներ, Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամներ Նայիրա Զոհրապեան եւ Վահէ Յովհաննիսեան պատրաստակամութիւն յայտնած են պատուիրակութեան մէջ իրենց տեղը զիջելու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանին` «հասկնալով, որ Խորհրդարանական վեհաժողովի պատգամաւոր ըլլալը Եւրոպական խորհուրդի անդամ երկրի պատգամաւորը կ՛օժտէ լրացուցիչ որոշ անձեռնմխելիութեամբ»:
Իրենց տարածած յայտարարութեան մէջ երկու խորհրդարանականները կը յայտնեն, որ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բազմաթիւ պատգամաւորներ եւ ղեկավար կազմի անդամներ լրջօրէն մտահոգուած են Վարդան Օսկանեանի գործով եւ իրենց հետ հանդիպումներուն անվերապահ աջակցութիւն յայտնած են «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան եւ Օսկանեանին: Ըստ անոնց` Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի բոլոր քաղաքական խումբերուն եւ ազգային պատուիրակութիւններուն տրամադրուած է համապատասխան ծրար, անոնք տեղեակ պահուած են գործի մանրամասնութիւններուն որոնց, ի դէպ, վերջիններս արդէն իսկ որոշակիօրէն տեղեկացուած էին Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած իրենց դեսպաններէն»:
Բարգաւաճ Հայաստանի պատգամաւորները նաեւ ստացած են լրջագոյն երաշխիքներ այն մասին, որ այս գործը Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ուշադրութեան կեդրոնին է: Զոհրապեանէն եւ Յովհաննիսեանէն, իրենց իսկ վկայութեամբ, խնդրած են Օսկանեանի գործին հետ կապուած իւրաքանչիւր զարգացման պարագայի գործնական կերպով տեղեկացնել վեհաժողովին` խոստանալով նոյնքան գործնական արձագանգ:
- 0 Comments
- 156 views
- Tweet
Email
Print



