Tuesday May 21, 2013

ՀՅԴ-ն Նախագահի Թեկնածուին Հարցը Պիտի Լուծէ Գերագոյն Արտակարգ Ժողովի Ժամանակ

By adminx - Wed Oct 10, 7:46 am

Արծուիկ Մինասեան

Մինչեւ 15-20 դեկտեմբեր ՀՅԴ-ն հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ` արտայայտելով իր դիրքորոշումը կապուած յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն հետ: Այս մասին, ըստ Panorama.am-ի, երէկուան մամլոյ ասուլիսին այսօրուան ասուլիսին յայտարարած է ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան:

«Թեկնածուի հարցը պիտի լուծուի ՀՅԴ գերագոյն արտակարգ ժողովի ժամանակ ու հանդէս պիտի գանք համապատասխան յայտարարութեամբ` թեկնածու պիտի առաջարկենք, պիտի սատարե՞նք մէկուն,  թէ՞ չէզոք ենք», ըսած է ան` միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով, որ իրենց համար գլխաւորը ոչ թէ անձն է, այլ` սկզբունքները:

Արծուիկ Մինասեան նաեւ յայտնեց, որ Օսկանեանի գործը պէտք չէ դիտարկուի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն-Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն շրջագիծին մէջ, քանի որ ատիկա որոշակի անձի դէմ ուղղուած է, ճշգրիտ` Վարդան Օսկանեանին:

«Ատիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ նախագահական ընտրութիւններուն վրայ, պարզապէս Հայաստան անգամ մը եւս ապտակներ պիտի ստանայ դուրսէն եւ մենք ամօթով գլուխնիս պիտի կախենք», նշեց պատգամաւորը եւ աւելցուց, որ այս պարզ հարցը դարձած է մատի փաթթոց:

Մինասեան նշեց, որ երբ մարդ կը մտածէ միջոցները արդիւնաւէտ տնօրինելու մասին, ապա ատիկա կը նկատուի յանցագործութիւն: Ըստ Մինասեանի, Օսկանեանի դէպքը պարզունակ օրինակ մըն է, որ իւրաքանչիւրին հետ ալ կրնայ պատահիլ: Ան ցաւ յայտնեց, որ կան այսպիսի երեւոյթներ, որոնք վնաս կը հասցնեն երկրի հեղինակութեան:

Պատգամաւորը վստահ է, որ եթէ դրամներու լուացման հարց ըլլար, ապա քրէական գործ պէտք է յարուցուէր մինչեւ Օսկանեանի` Ազգային ժողովի պատգամաւոր դառնալը: Ան եզրափակեց, որ եթէ նոյնիսկ Օսկանեանը դատարան կանչեն եւ օրէնքով պարզեն անոր անմեղութիւնը, միեւնոյնն է` Օսկանեանի

Leave a Reply

Advertisement