Նախագահ Սլէյման Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին
By adminx - Wed Oct 10, 7:41 am
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման այսօր պիտի նախագահէ Պաապտայի մէջ գումարուելիք կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին նախատեսուած է կատարել շարք մը պետական նշանակումներ:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու նախարարութեան աշխատանքները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ նախագահին հետ քննարկեց առողջապահութեան նախարարութեան աշխատանքներն ու անոր ծառայութիւնները բարելաւելու կարելիութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, որոնց շարքին` Թալալ Մերեհպի, Խալիլ Հըրաուի եւ նախկին երեսփոխան Ապտալլա Հաննա:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը եւ յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
- 0 Comments
- 9 views
- Tweet
Email
Print




