Friday May 24, 2013

Բագրատունի Այցելեց Վարչապետ Միքաթիի

By adminx - Wed Oct 10, 7:40 am

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց վարչապետ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց երկրի ընդհանուր կացութիւնը եւ ընտրական օրէնքին հետ կապուած խնդիրներ: Քննարկումի նիւթ դարձաւ յատկապէս նշանակումներու թղթածրարը եւ այդ ուղղութեամբ հայ համայնքին իրաւունքները պահպանելու հրամայականը: Այս ուղղութեամբ վարչապետը խոր համոզումով հաստատեց, որ ոչ մէկ անտեսում թոյլատրելի է:

Հանդիպում` Առողջապահութեան
Նախարարին
Հետ

Երեսփոխան Բագրատունի այցելեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որուն հետ քննարկեց առողջապահական մարզի, հիւանդանոցներու եւ բժշկական հիմնարկներու հետ առնչուող խնդիրներ:

Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց, որ պետութիւնը առողջապահութեան նախարարութեան ճամբով կանոնաւորէ դեղերու մարզը, պետական օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ արագ լուծումներ գտնէ Լիբանան ապաստանած կարիքաւոր սուրիացիներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Leave a Reply

Advertisement