Պըրրի Շնորհաւորեց Չաւեզը
By adminx - Wed Oct 10, 7:38 am
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորեց Հիւկօ Չաւեզը` Վենեզուելայի նախագահ վերընտրուելուն առիթով:
Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Խազեն յայտնեց, որ լիբանանցիները պէտք է իրենց ներքին միասնականութիւնը ամրապնդեն, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ պայմաններուն տակ:
Ան հաստատեց երկրին ներքին համերաշխութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա անհրաժեշտ է դէմ դնելու համար Սուրիոյ իրադարձութիւններուն ունենալիք ազդեցութիւններուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող ընտրական օրէնքը, որուն շրջագիծին մէջ Պըրրի հաստատեց, որ ինք պիտի որդեգրէ որեւէ օրէնք, որուն շուրջ քրիստոնեաները համաձայնութիւն կը գոյացնեն:
Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Ապտել Ռահիմ Մըրատ եւ Ժան Օպէյտ, որոնց հետ խորհրդարանի նախագահը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի պատասխան հեռագիր մը ստացաւ Քուէյթի գահաժառանգ իշխան շէյխ Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահէն:
- 0 Comments
- 7 views
- Tweet
Email
Print




