Sunday May 26, 2013

Վարչապետ Միքաթի Ընդունեց Փաուլին

By adminx - Wed Oct 10, 7:37 am

Դեսպան Փաուլի եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Ֆրանսա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փաուլի յայտնեց, որ Փարիզ կը զօրակցի Լիբանանին եւ շրջանային զարգացումներուն ու յատկապէս Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ անոր որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան:

Փաուլի շեշտեց, որ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները օրըստօրէ աւելի եւս կ՛ամրապնդուին` վերստին հաստատելով, որ Ֆրանսա կը զօրակցի նաեւ լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն:

Փաուլի նշեց, որ վարչապետ Միքաթիի Ֆրանսա կատարելիք այցելութեան թուականը պիտի որոշուի Պէյրութի եւ Փարիզի կողմէ` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի մէջ ֆրանսերէն գիրքերու ցուցահանդէսի բացումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 25 հոկտեմբերին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսարը եւ Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նախկին նախագահ Ժաք Սարրաֆը, որոնց հետ քննարկեց տնտեսական եւ ընկերային հարցերու յատուկ ազգային երկխօսութիւն մը կատարելու հեռանկարները:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի: Քննարկուեցան նախարարութեան առնչուող խնդիրներ:

 

Leave a Reply

Advertisement