Զօր. Աուն. «Լիբանանը 50 Ընտրաշրջանի Բաժնող Ընտրական Օրինագիծը Քաղաքական Է»
By adminx - Wed Oct 10, 7:36 am
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն յայտնեց, որ ընտրական օրէնքի քննարկումը տեղքայլ կ՛արձանագրէ` աւելցնելով, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը քաղաքական է:
Զօր. Աուն նշեց, որ Տոհայի մէջ ընտրական օրէնքին շուրջ գոյացած համաձայնագիրով իրենք կրցած են 21 քրիստոնեայ երեսփոխան «ազատագրել»:
Անդրադառնալով լիբանանեան ջուրերուն մէջ Քարիւղի եւ բնական կազի պեղման ազգային յանձնախումբին կազմութեան` զօր. Աուն մաղթեց, որ կառավարութիւնը կարելի եղածին չափ արագ յայտարարէ այդ յանձնախումբին կազմութիւնը, որպէսզի ան սկսի իր աշխատանքներուն:
Ղարիպ. «Յաւելումները Պէտք Է
Անմիջապէս Վաւերացնել»
Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը իր կատարելիք դասադուլ-գործադուլին նախօրեակին, երէկ այցելեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն իրաւունքներն ու պահանջները:
Հանդիպումէն ետք Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ վերստին կոչ ուղղեց կառավարութեան եւ յանձին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի անմիջապէս խորհրդարան փոխանցելու պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները:
Ղարիպ յայտնեց, որ զօր. Աուն խոստացած է օժանդակել այս թղթածրարին լուծման ի խնդիր: Ան ըսաւ, որ իրենք քաղաքական գունաւորումներու մաս չեն կազմեր, այլ կը պաշտպանեն պաշտօնեաներուն իրաւունքները, ինչ ալ ըլլայ պաշտօնեաներուն հետեւած քաղաքական ուղեգիծը:
«Այս շրջագիծին մէջ, մենք Ազգային երկխօսութեան խորհուրդին մաս կազմող քաղաքական բոլոր ղեկավարութիւններէն եւ յատկապէս կառավարութենէն ու վարչապետէն կը խնդրենք անմիջապէս պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումներու բարեփոխուած տարբերակը փոխանցելու խորհրդարան, որովհետեւ Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը որոշած է եւ վճռակամ` մինչեւ վերջ հետապնդելու այս թղթածրարը», ըսաւ ան:
- 0 Comments
- 34 views
- Tweet
Email
Print




