Monday Jun 17, 2013

«Նահար» Օրաթերթի Խմբագրատան Մէջ Մամլոյ Ասուլիս` Երեսփոխաններ Հարպի Եւ Թուէյնիի Կողմէ

By adminx - Wed Oct 10, 7:34 am

Պութրոս Հարպ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Նկատի ունենալով երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի սպանութեան մասին «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հրապարակած փաստաթուղթերը, երէկ «Նահար» օրաթերթին խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` երեսփոխաններ Պութրոս Հարպի եւ Նէյլա Թուէյնիի կողմէ:

Թուէյնիի սպանութենէն եօթը տարի ետք բացայայտուած «Արապիա»-ի  փաստաթուղթերը ցոյց կու տան սուրիական գաղտնի սպասարկութեան եւ Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը` Թուէյնիի սպանութեան հարցին մէջ:

Թուէյնի ընտանիքի պաշտպան փաստաբան, երեսփոխան Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ այդ փաստաթուղթերը բաւական լուրջ են եւ կարելի չէ զանոնք անտեսել: «Անոնք կը ստիպեն, որ լիբանանեան դատական իշխանութիւնները եւ Միջազգային դատական ատեանը ստուգեն անոնց բովանդակութիւնը», ըսաւ ան:

Հարպ աւելցուց, որ Թուէյնիի ընտանիքը դատական հարցեր յարուցած է սուրիացի այն զինուորականներուն դէմ, որոնց անունները նշուած են «Արապիա»-ի բացայայտած փաստաթուղթերուն մէջ: Սուրիացի զինուորականներն են գնդապետ-զօրավար Հասան Ապտել Ռահման եւ գնդապետ-զօրավար Սաքըր Մանուն:

Հարպ նշեց, որ իրենք ոչ ոք պիտի դատապարտեն մինչեւ հետաքննութեան աւարտը եւ ոճրագործներուն բացայայտումը:

Ան ըսաւ, որ իրենք կը վստահին լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն եւ կը յուսան, որ այդ ոճիրին դրդապատճառները բացայայտուին:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ կոչ ուղղեց Հըզպալլային` դատական իշխանութիւններուն յանձնելու իր դէմ գործուած մահափորձին յանցանքով պահանջուած կասկածելին, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած Հըզպալլայի անդամները:

Իր կարգին, Ժըպրան Թուէյնիի դուստրը` երեսփոխան Նէյլա Թուէյնի յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին եւ լիբանանեան պետութենէն կը պահանջէ բացայայտել իր հայրը սպաննող կողմերը:

«Իբրեւ Թուէյնիի ընտանիքը, մեր իրաւունքն է իմանալ ճշմարտութիւնը: Մենք չենք փափաքիր լարուածութիւններ ստեղծել, պարզապէս կ՛ուզենք գիտնալ, թէ ո՛վ սպաննած է Ժըպրան Թուէյնին», ըսաւ ան:

Ֆընէյշ Կը Պատասխանէ

Վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնին սպաննելու մեղսակցութեամբ Հըզպալլան ամբաստանող այսպէս կոչուած փաստաթուղթերը կը միտին աղաւաղել Դիմադրութեան պատկերը:

«Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին լուրերուն,  քաջ գիտեն, թէ Դիմադրութեան դէմ արշաւ մը ընթացքի մէջ է եւ կայ տեղեկատուական, գաղտնի սպասարկական եւ քաղաքական խոհանոց մը, որ կը շարունակէ Դիմադրութեան դէմ Իսրայէլի յայտարարած պատերազմը», ըսաւ Ֆընէյշ` հերքելով այդ տեղեկութիւնները եւ զանոնք կոչելով անճիշդ ու շինծու տեղեկութիւններ:

 

Leave a Reply

Advertisement