Tuesday Jun 18, 2013

Քըլըճտարօղլու Սուրիոյ Մէջ Հեղուող Արեան Պատասխանատուն Էրտողանն Ու Ասատը Կը Նկատէ. «Պիտի Հարուածենք Ինչպէս Որ Մեզի Կը Հարուածեն Եւ Բոլոր Կարելիութեանց Պատրաստ Ենք» Ըսաւ Էրտողան

By adminx - Wed Oct 10, 7:28 am

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «մենք դրացի երկրի մը կողմէ ամէն օր հրացանաձգութեան կ՛ենթարկուինք, եւ այդ պատճառով զոհեր կ՛արձանագրուին»` շեշտելով, որ «մեր արժանապատուութիւնը չ՛արտօներ ատոր նկատմամբ լուռ մնալ, եւ Սուրիոյ հետ բախումի կանոնները փոխեցինք»: Էրտողան հարց տուաւ, որ «թրքական ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ, որ սուրիական վարչակարգի կրակոցներէն սահմանային գիւղերուն մէջ մեր զաւակներու սպանութեան նկատմամբ լո՞ւռ մնանք»:

Էրտողան շեշտեց, որ «որեւէ սպառնալիքի դէմ պիտի կանգնինք ու պիտի հարուածենք ինչպէս որ մեզի կը հարուածեն եւ բոլոր կարելիութեանց պատրաստ ենք»` նշելով, որ «երբ դիւանագիտութեան սահմանը կ՛աւարտի, թրքական կառավարութիւնը լիազօրուած պէտք է ըլլայ»:

Ան նշեց, որ «(սուրիական) վարչակարգը թշնամական կեցուածքը շարունակեց, եւ մեզի համար նոյնպիսի ձեւով հակադարձելը անխուսափելի էր»` աւելցնելով, որ «պէտք է խիստ ըլլանք եւ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը հեռացնենք, որովհետեւ սուրիական վարչակարգին կը զօրակցի»: Ան նշեալ կուսակցութեան կոչ ուղղեց իր կեցուածքները վերատեսութեան ենթարկելու:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ «սուրիացի ժողովուրդին թշնամին չենք եւ զայն պիտի չլքենք»` նշելով, որ «Ասատ կը փորձէ սպանութեան մրցանիշ հաստատել»:

Էրտողան դարձեալ նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ վերջ  գտաւ եւ ան անթացուպերու յենած է»:

Մինչ այդ, Էրտողանի աղբիւրները «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ թրքական կառավարութեան ստացած լիազօրութիւնը պատերազմի համար չէ, այլ` պատրաստուելու բոլոր կարելիութեանց, ներառեալ` պատերազմի: Աղբիւրները նշեցին, որ «Թուրքիոյ ապահովութիւնն ու գերիշխանութիւնը ամէն բանէ վեր են, եւ մենք մեծ ազգ մըն ենք, որուն ով որ պատերազմի մէջ փորձած է, յուսախաբ եղած է»:

Միւս կողմէ, «Տիւնիապիւլթենի» կայքէջը  հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Սուրիոյ  իրադարձութեանց վերաբերեալ լրագրողներու հարցումին պատասխանելով յայտնած է, որ  այնտեղ հեղուող արեան համար երկու պատասխանատու կայ: Քըլըճտարօղլու ըսաւ. «Թող այնպէս չկարծուի, թէ ես Ասատը կը պաշտպանեմ: Ասատը իր երկրին բնակչութեան դէմ անհամարժէք ուժ կը կիրարկէ: Թրքական իշխանութեան ուզածը ոչ թէ Սուրիոյ մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնն է, այլ Ասատը ուղարկելը: Իսկ մեր ուզածը` Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան դադրեցումն է:

«Սուրիոյ մէջ հեղուող արեան համար յստակ երկու պատասխանատու կայ` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը եւ Ասատը: Ասատը անհամարժէք ուժ կը կիրարկէ, սակայն Էրտողանն ալ ընդդիմութեան ձեռքը զէնք կու տայ, կ՛ըսէ` գնա՛ դուն ալ սպաննէ»:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Նեճտեթ Էօզել Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ տիրող վիճակին ծանօթանալու համար այցելած է Ալեքսանտրէթի նահանգ, ուր երեք տարբեր ուղղաթիռներով շրջած է Սուրիոյ հետ սահմանակից թրքական բանակի զօրակայանները եւ մօտէն ծանօթացած իրավիճակին:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ասատին կոչ ուղղեց «հեռանալու» եւ յայտարարեց, որ «աշխատանք կը տարուի Սուրիոյ վրայ պատժամիջոցները ամրապնդելու»:

Ռուսական «vz.ru» կայքէջը` յղում կատարելով «Պի.Պի.Սի.»-ի, հաղորդեց, որ ուքրանական արտադրութեամբ զէնքեր, որոնք Սէուտական Արաբիոյ համար նախատեսուած էին, յայտնուած են սուրիացի ընդդիմադիրներու ձեռքը: Հալէպի մզկիթներէն մէկուն մէջ զինամթերքի արկղեր յայտնաբերուած են, որոնց մէջ եղած են ուքրանական «Տասթան» ընկերութեան արտադրութեան զէնքեր, որոնք կ՛օգտագործուին ծովուժի զէնքերու եւ հրթիռային համակարգերու արտադրութեան մէջ:

Leave a Reply

Advertisement