Wednesday Jun 19, 2013

Միջերկրականի Մէջ Թուրք-Եգիպտական Ռազմափորձեր

By adminx - Wed Oct 10, 7:25 am

Եգիպտական զինուորական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ թրքական եւ եգիպտական ուժերը Միջերկրականի մէջ կիրակի օր սկսած են միացեալ ռազմափորձ մը, որ կը կոչուի «Բարեկամութեան ծովը»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ռազմափորձին նպատակը երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան եւ հասարակաց աշխատանքի զարգացումն է, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիին զօրակցութիւն:

Օրաթերթը կը նշէ, որ միացեալ ռազմափորձերը, որոնք սկսած են կիրակի, 7 հոկտեմբերին պիտի տեւեն մինչեւ 14 հոկտեմբեր, եւ Եգիպտոս այս ռազմափորձը կը հիւրընկալէ:

 

Leave a Reply

Advertisement