Wednesday May 22, 2013

Իվանիշվիլի Միացեալ Նահանգներէն Ետք Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ. Սահակաշվիլի Եւ Իվանիշվիլի Կը Յայտարարեն, Որ Իրենց Արտաքին Քաղաքական Առաջնահերթութիւնները Կը Համընկնին

By adminx - Wed Oct 10, 7:24 am

Սահակաշվիլի եւ Իվանիշվիլի

Վրաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրած Վրացական երազանք պլոքի ղեկավար Պիծինա Իվանիշվիլիի առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը, որ տեւեց շուրջ մէկ ժամ:

Հանդիպումէն ետք կողմերը յայտարարութիւններ կատարեցին:

Իվանիշվիլի յայտնեց, որ «այսօրուան հանդիպումը շարունակութիւնն է այն առողջ քաղաքականութեան, որ ես եւ խմբակս մտցուցինք Վրաստանի քաղաքականութեան մէջ: Մենք կրցանք ժողովրդավարական իշխանափոխութիւն իրականացնել, ինչ որ պիտի յիշուի Վրաստանի պատմութեան մէջ: Մենք կրցանք պատասխանել մեր մրցակիցներուն ոչ մաքուր գործունէութեան: Ես բոլորին կոչ կ՛ուղղեմ, որ մեր հակառակորդներուն վերաբերեցէ՛ք այնպէս, ինչպէս վայել է մեր երկրին, պատմութեան ու մշակոյթին, եւ ոչ այնպէս, ինչպէս իրենք արժանի են»:

Ան նշեց, որ Սահակաշվիլիի հետ քննարկած են արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները: «Անոնք հիմնականին մէջ կը համընկնին` Վրաստանի անդամակցութիւն Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ին», ըսաւ Իվանիշվիլի:

Նախագահ Սահակաշվիլի իր կարգին կարեւոր նկատեց Վրաստանի մէջ «պատմական հոլովոյթ»-ի իրականացումը, երբ իշխանութիւնը ժողովրդավարական ճամբով կը փոխանցուի ընդդիմութեան: Սահակաշվիլի նշած է, որ ատիկա շրջանին մէջ առաջին նմանօրինակ դէպքն է: «Մենք իշխանական գործառոյթներու մեծ մասը խաղաղ ճամբով կը փոխանցենք ընդդիմութեան, ինչ որ կը կատարուի առաջին անգամ: Վրաստանի ժողովուրդը կատարած է իր ընտրութիւնը, եւ մենք կը յարգենք մեր ժողովուրդը», ըսաւ Սահակաշվիլի:

Ան նշեց, որ զրուցած է մրցակիցներուն հետ, եւ իրենք տակաւին սկզբունքային տարակարծութիւններ ունին, սակայն կառավարութիւնը եւ ինք` իբրեւ նախագահ, պիտի ընեն կարելին առանց ցնցումներու իշխանութեան փոխանցումը իրականացնելու համար:

«Բոլորին ալ ժամանակ պէտք է վերլուծելու համար, իսկ այժմ պէտք է կեդրոնանալ ապագային վրայ: Ես համոզուած եմ, որ մեզի մեծ ապագայ կը սպասէ, եւ իմ քաղաքական ուժս մտադիր է ըլլալ այդ ապագային մէկ մասը», ըսաւ Սահակաշվիլի:

Միւս կողմէ, ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Վրաստանի դեսպան Թէյմուրազ Շարաշենիծէ երէկ Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Վրաստանի կառավարութեան փոփոխութեան հետ միատեղ երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը պիտի չփոխուի, այլ նոյնը պիտի մնայ:

Ան նաեւ յայտնած է, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած Վրացական երազանք պլոքի ղեկավար Պիծինա Իվանիշվիլի վարչապետ դառնալէ ետք իր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը պիտի կատարէ Միացեալ Նահանգներ, որմէ ետք պիտի կազմակերպուի անոր Ազրպէյճան այցելութիւնը:

 

 

Leave a Reply

Advertisement