Համեմատական Հանդարտութիւնը Կը Վերադառնայ Հալէպի Կեդրոն
By adminx - Wed Oct 10, 7:21 am
- 0 Comments
- 121 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, թէ երկու օրէ ի վեր բաւական հանդարտ մթնոլորտ կը տիրէ Հալէպի կեդրոնական շրջաններուն մէջ, ուր գլխաւորաբար կեդրոնացած են քրիստոնեաները եւ հայերը, սակայն ծայրամասային շրջաններուն մէջ` Պոսթան Փաշա, Քալլասէ եւ այլն, բուռն բախումները տակաւին կը շարունակուին:
«Օրեր առաջ Պոսթան Փաշայի շրջանին մէջ գտնուող ազգային ծերանոցէն աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած պատսպարեալները արդէն իսկ տեղափոխուած են Նոր գիւղի «Կիւլպենկեան» հիւանդանոց, որ ժամանակէ մը ի վեր փակ կը մնար», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ օրուան ընթացքին բազմաթիւ պայթումներու ձայներ լսուեցան Դամասկոսի Մլեհայի, Ղութայի եւ արեւելեան արուարձաններէն: Իսկ կէսօրուան ժամերուն Զապլաթանի շրջանին մէջ պայթում մը պատահեցաւ` պատճառելով նիւթական վնասներ եւ անցորդներու շարքին վիրաւորներ:
«Մայրաքաղաքին մէջ անցարգելները տակաւին կը շարունակեն փակել ճամբաները», ընդգծեց «Ազդակ»-ի Դամասկոսի թղթակիցը:
- 0 Comments
- 121 views
- Tweet
Email
Print



