Նար-Դոսի Անուան Դպրոցին Մէջ Բացուած Է Սուրիական Ծրագիրով Հիմնական Հանրակրթական Դպրոց
By adminx - Wed Oct 10, 7:18 am
- 0 Comments
- 138 views
- Tweet
Email
Print
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան երէկ մասնակցած է քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ Կիլիկեան բարեսիրական միութեան հովանաւորութեամբ Երեւանի Նար-Դոսի անուան թիւ 14 դպրոցին մէջ սուրիահայ երեխաներու համար, սուրիական ծրագիրով կազմաւորուած հիմնական հանրակրթական դպրոցի բացման: Այս մասին կը հաղորդէ Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Կիլիկեան դպրոցին մէջ կրթութիւն պիտի ստանան Ա. – Թ. դասարաններու սուրիահայ աշակերտներ, որոնց թիւը այսօր արդէն կը հասնի 220-ի:
Քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան` պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, վստահեցուցած է, որ այսուհետեւ նոյնպէս քաղաքապետարանը կարելի ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի սուրիահայ ընտանիքները Երեւանի մէջ իրենց զգան յարմարաւէտ:
«Այսօր արդէն աւելի քան 200 սուրիահայ երեխայ կը յաճախէ նորաբաց այս դպրոցը: Քաղաքապետարանը առաջին իսկ օրէն եղած է սուրիահայ ընտանիքներու կողքին եւ պիտի շարունակէ իր լիազօրութիւններու շրջագիծին մէջ օժանդակել այդ ընտանիքներուն: Երեւանի աւագանիին որոշումով մենք լուծեցինք նաեւ նախադպրոցական տարիքի սուրիահայ երեխաներու կրթութեան խնդիրը, որուն շրջագիծին մէջ այսօր 58 երեխայ արդէն իսկ անվճար կը յաճախէ մանկապարտէզ», նշած է քաղաքապետը:
Տարօն Մարգարեան շրջած է դասասենեակները, ծանօթացած երեխաներուն համար ստեղծուած պայմաններուն, զրուցած երեխաներուն եւ անոնց ծնողներուն հետ:
- 0 Comments
- 138 views
- Tweet
Email
Print



