Wednesday May 22, 2013

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նըժմէի Եւ Ահտի Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

By adminx - Tue Oct 09, 6:10 am

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Նըժմէ եւ Ահտ արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Թատամոն Սուրը (1-0) եւ Սալամ Սուրը (5-1):

Նըժմէ այժմ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլէվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Ահտը:

Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մրցումներուն, արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. Անսար-Ախա Ահլի Ալէյ` 3-1, Սաֆա-Շապապ Սահել` 2-1, Ռասինկ-Իժթիմահի` 1-0 եւ Թրիփոլի-Շապապ Ղազիէ` 2-0:

Նշենք, որ վերոնշեալ յաղթական չորս կազմերն ալ արձանագրեցին տարեշրջանի իրենց առաջին յաղթանակները:

 

 

Leave a Reply

Advertisement