Sunday May 19, 2013

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւնները Կայացան. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Պաշտօններու Բաժանումը

By adminx - Tue Oct 09, 6:09 am

PROFOTO

Շաբաթ, 6 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 17:00-ին, «Քափ Սիւր Վիլ»-ի մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի թեքուանտոյի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները:

9 աթոռի համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 11 անձեր, ինչ որ բնականաբար պատճառ պիտի դառնար ընտրութիւններուն սկսման եւ քուէարկութեան:

Սակայն նախքան քուէարկութեան սկսիլը, Էլի Նաժըմ եւ Ժորժ Խաթթար յայտարարեցին, որ յետս կը կոչեն իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը:

Այս մէկը պատճառ դարձաւ, որ առանց մրցակիցի գոյութեան ընտրուի նոր ֆետերասիոնը:

Ֆետերասիոնին կազմն է` Քարին Լահուտ, Ժորժ Զէյտան, Ապտել Համիտ Քարաքի, Անուար Նաամէ, Ուիսամ Սաատէ, Պաշիր Մրատ, Հիւսէյն Զաայթեր, Պասսամ Օպէյտ եւ Օմար Մարի:

Սակայն պաշտօններու բաժանումը չկատարուեցաւ շաբաթ օր: Անիկա պիտի կատարուի այսօր` երեքշաբթի, 9 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, նոյն վայրին մէջ:

Leave a Reply

Advertisement