Կիրակի, 7 Հոկտեմբեր 2012-ը Յիշատակելի Օր Մը` Լիբանանահայ Մարզական Կեանքին Մէջ. Վազգէն Մելիքեան Իր Անունը Արձանագրեց «ԿԻՆԵՍ» Մրցանիշներու Գիրքին Մէջ
By adminx - Tue Oct 09, 6:06 am
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print
«ԿԻՆԵՍ» մրցանիշներու գիրքին մէջ միշտ աշխարհի նոր մրցանիշներ հաստատողներուն անունները կ՛ըլլան անպակաս` տարբեր ցամաքամասերու մէջ ապրող մարդոց կողմէ:
Ատոր ականատես եղաւ նաեւ Լիբանան` առհասարակ եւ լիբանանահայութիւնը` ի մասնաւորի, երբ կիրակի, 7 հոկտեմբեր 2012-ին, հինգ անգամ Լիբանանի հեծելարշաւի ախոյեան հանդիսացած Վազգէն Մելիքեան, իր հեծանիւով քարշ տուաւ 2300 քմ կշռող 4×4 տիպի ինքնաշարժ մը` Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ):
11 վայրկեան եւ 53 երկվայրկեան ժամանակամիջոցին, Մելիքեան այդ ինքնաշարժը քարշ տուաւ 803 մեթր: Ան, նոր մրցանիշը հաստատելու համար պէտք ունէր 750 մեթրի: Սակայն քանի մը տարի տեւած տքնաջան փորձերուն շնորհիւ կրցաւ հասնիլ 803 մեթրի սահմանները:
Մեծաթիւ ներկաներու քաջալերանքին ընկերակցութեամբ, Մելիքեանի կողքին կը քալէր նաեւ «ԿԻՆԵՍ» մրցանիշներու գիրքի եմենցի ներկայացուցիչ Թալալ Օմար, որ աւարտին մրցանիշի հաստատման վկայագիրը յանձնեց Մելիքեանի:
- 0 Comments
- 64 views
- Tweet
Email
Print




